Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ՀԵՌՈՒԷՆ ԿԱՄ ՄՕՏԷՆ
Անոնք, որոնք այսօր կը դասուին միջին տարիքաւորներու շարքին, վստահաբար, դպրոցական տարիներէն լաւ կը յիշեն այն երգը, որ Թուրքիոյ բոլոր կողմերուն կ՚ուսուցուէր նախակրթարաններու մէջ. «Այնտեղ տուն մը կայ հառաւոր։ Եթէ նոյնիսկ այնտեղ չպառկինք, այդ տունը մեր տունն է…»։ Թարգմանութիւնը, անշուշտ, պատկերաւոր, սակայն, այդ մէկը չէ բուն հարցը։
Կեանքի մէջ մարդ ականատես կ՚ըլլայ զանազան դրուագներու կամ այնպիսի պահեր կ՚ունենայ, որ երեւակայութիւնն ու իրականութիւնը կ՚ընդելուզուին։ Երբեմն այդ բանը կրնայ պատահիլ հեռուէն դիտելու պարագային, երբեմն ալ՝ մօտէն նայելու… Յաճախ անհաւատալի կ՚որակուին այդ պահերը, բայց, լաւ են, որովհետեւ առանց անոնց կեանքը չոր ու ցամաք է։
Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2022