ԱՄԻՐՊԵԿՈՎ ԼԱՒԱՏԵՍ

Պաքուէն երէկ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը բերնով հերթական անգամ հնչեց, թէ Երեւանի հետ խաղաղութիւնը մօտ է։ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ Պաքուի մէջ կազմակերպուած ականազերծման նիւթի մը վերաբերեալ համաժողովի մը ընթացքին։ Ան դիտել տուաւ, որ Ղարաբաղի մէջ իւրաքանչիւր ենթակառուցուածք զերոյէն վերակառուցուած է։ Այդ տարածքներու վերականգնման համար շինարարական աշխատանքներուն ներդրուած է 7 միլիառ ամերիկեան տոլար։

Ամիրպեկովի խօսքով՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են խաղաղութեան։ «Կը յուսամ՝ ամենամօտ ժամանակին կը լուծուին մնացեալ հարցերը», ըսաւ ան։ Միեւնոյն ժամանակ, համաժողովի ընթացքին Ամիրպեկով շեշտեց, որ Ատրպէյճան Հայաստանէն կ՚ակնկալէ ականապատ դաշտերու ճշգրիտ քարտէսներ։ «Սա կրնայ դիտուիլ նաեւ՝ որպէս երկու կողմերու միջեւ վստահութեան հիմնարար միջոց», ըսաւ ան։

Ամիրպեկով աւելցուց, որ ականներու վերաբերեալ հայկական կողմի տրամադրած տեղեկատուութիւնը շատ անորակ է ու ցած մակարդակով։

Շաբաթ, Յունիս 1, 2024