Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան։
Անթիլիասի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015