ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԱՅՑ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հեր­թա­կան ան­գամ այ­ցե­լել հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Պա­քուի մօտ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Ռա­պըրթ Սեքու­թա Ա­ՓԱ գոր­ծա­կա­լու­թեան յայ­տա­րա­րեց, թէ տա­կա­ւին յայտ­նի չէ միջ­նորդ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան յստակ ժամ­կէ­տը։

Պա­քուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րու բաց­ման ժա­մա­նակ ա­նոնք պայ­մա­նա­ւո­րուած էին յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին դար­ձեալ տա­րած­քաշր­ջան վե­րա­դառ­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015