ՓԱԹՐԻՔ ՄԱԼԱՔԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ ՄԵՏԱՅԼԻ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ֆրան­սա­հայ ան­մո­ռա­նա­լի շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րիչ հան­գու­ցեալ Ան­րի Վեր­նէօ­յի որդ­ւոյն՝ Փաթ­րիք Մա­լա­քեա­նի եւ «Նա­րեկ» պա­րա­յին դպրո­ցի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Ար­ման Չուլ­հա­կեա­նի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած «Յա­ւեր­ժու­թիւն» պա­րի ներ­կա­յա­ցու­մը։ Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս։

Այս հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Փաթ­րիք Մա­լա­քեան պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «Պօ­ղոս Նու­պար» մե­տայ­լով։ Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ էր Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան, որ մե­ծա­րեա­լին փո­խան­ցեց մե­տայլն ու նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ող­ջոյ­նի պատ­գա­մը։ Այս առ­թիւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նշեց, որ Փաթ­րիք Մա­լա­քեան կը ճանչ­ցուի ոչ միայն իբ­րեւ մե­ծա­նուն ա­րուես­տա­գէտ Ան­րի Վեր­նէօ­յի որ­դին, այլ նաեւ՝ իր երկ­րին եւ ժո­ղո­վու­րին նուի­րուած հայ մը։ Ըլ­լա­լով Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան Մար­սէյ­լի մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խա­գա­հը՝ ան Սփիւռ­քի մէջ մշտա­պէս ա­ջակ­ցած է հա­յա­պահ­պա­նու­թեան, հայ ա­րուես­տի ու մշա­կոյ­թի տա­րած­ման գոր­ծին։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մէջ­բե­րեց նաեւ ա­ռի­թով մը Փաթ­րիք Մա­լա­քեա­նի կող­մէ ը­սուած այն խօս­քը, թէ ինք խոր յար­գանք ու­նի այն մար­դոց նկատ­մամբ, ո­րոնք կրցած են պա­հել-պահ­պա­նել ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը, հա­յե­ցիու­թիւ­նը։

Նոյն ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին Ար­ման Չուլ­հա­կեա­նին ալ յանձ­նուե­ցաւ նա­խա­րա­րու­թեան պա­տուոյ գի­րը։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016