ՔԵՐԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին Ճոն Քերի եւ Սերժ Սարգսեան անդրադարձան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ժամանակ ձեռք բերուած պայմանա-ւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին։
Ապրիլի սկիզբին Արցախի ճակատին վրայ ապրուած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններէն վերջ տեղի ունեցան նախագահներու երկու հանդիպումներ, որոնց ընթացքին ձեռք բերուեցան շարք մը պայմանաւորուածութիւններ։ Պաքուի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն ազդանշաններ տուաւ այդ պայմանաւորուածութիւնները անտեսելու ուղղութեամբ, ինչ որ մտահոգութիւն յառաջացուց թէ՛ հայկական կողմին եւ թէ՛ միջնորդներուն մօտ։ Ուստի, ներկայիս աշխատանքները կեդրոնացած են այդ ձեռքբերումները չմսխելու վրայ։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր վերջին օրերուն այցելեց Երեւան եւ Պաքու։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովն ալ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին շփումներ պիտի ունենայ երկու մայրաքաղաքներուն մէջ