ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԲԱՆԱՁԵՒ

Ֆրան­սա­յի մէջ հեր­թա­կան ան­գամ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրուի հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ նա­խա­գիծ մը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց օ­րէն­քի բա­նա­ձեւ մը, որ կը վե­րա­բե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րու ժխտման քրէա­կա­նաց­ման։ Ֆրան­սա­հայ աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ այս նա­խագ­ծին բնա­գի­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Հա­ւա­սա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիու­թեան օ­րէն­քի նա­խագ­ծին, ո­րու շուրջ ներ­կա­յիս քննար­կում­ներ կը ծա­ւա­լուին Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս։

Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը ող­ջու­նեց երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ այդ մէ­կը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի ստանձ­նած յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րուն։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կոչ ուղ­ղուե­ցաւ, որ­պէս­զի խորհր­դա­րա­նա­կան բո­լոր ու­ժե­րը հա­մախմ­բուին այս հա­մա­ձայ­նե­ցուած նա­խագ­ծին շուրջ։

Միւս կող­մէ,    Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ Մու­րատ Փա­փա­զեան յայտ­նեց, թէ սոյն նա­խա­գա­ծին վրայ աշ­խա­տանք տա­րած են թէ՛ Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ թէ՛ ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւա­բան­նե­րը։ Մշա­կու­մը կա­տա­րուած է Ֆրան­սա­յի Սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան եւ հայ հա­մայն­քին հա­մար ըն­դու­նե­լի տար­բե­րա­կով։

Փա­փա­զեա­նի խօս­քե­րով՝ սոյն նա­խա­գի­ծը Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին կը ներ­կա­յա­ցուի այս օ­րե­րուն իսկ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ֆրան­սա­յի մէջ նա­խա­պէս ան­գամ մը ըն­դու­նուած էր նման ու­րաց­ման օ­րէնք մը, սա­կայն այդ մէ­կը ա­ւե­լի վերջ ան­վա­ւեր ճանչ­ցուած էր երկ­րի Սահ­մա­նադ­րա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016