ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՈՍՏՈՒՄ

Հայաստանի մէջ գործարան մը առաջին անգամ սկսաւ արտադրել արեւային վահանակներ։ Նախընթաց օր «Փրոֆփանէլ» ընկերութեան կողմէ հաստատուած այս առաջին գործարանի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի մասնակցութեամբ։ Այս ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ արեւային վահանակներու արտադրութեան ոլորտէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ անցեալ տարիէն ի վեր՝ SolarOn ապրանքանիշով։

Բացման հանդիսութեան օրը Կարէն Կարապետեան շրջայց մը կատարեց գործարանէն ներս, ծանօթացաւ արտադրական գործընթացին, ընկերութեան ծրագրերուն եւ զարգացման հեռանկարներուն։ Վարչապետին նկատառման յանձնուեցաւ, որ SolarOn արեւային վահանակներ արտադրող եւ տեղադրող գործարանի արտադրական հզօրութիւնը կը կազմէ տարեկան 10 մեկավաթ։ Աշխատակիցներու քանակը լրիւ արտադրական ծանրաբեռնուածութեան պարագային յիսուն հոգի է։ Սկզբնական ներդրումներու ծաւալը կազմած է շուրջ 2 միլիոն ամերիկեան տոլար։

Այս ընկերութիւնը կը նախատեսէ առաջին հերթին արեւային վահանակներ մատակարարել ներքին շուկայի համար, ապա կազմակերպել արտածում դէպի տարածքաշրջանային եւ այլ երկիրներ։ 1.5 քիլօվաթ հզօրութեամբ արեւային փոքր կայան մը, որ կրնայ արտադրել ամէն ամիս շուրջ 200 քիլօվաթ ելեկտրական ուժանիւթ, կ՚արժէ շուրջ 1500 ամերիկեան տոլար։ Ներկայ տարուան գարունէն սկսեալ ընկերութիւնը կ՚աշխատի փորձարկման դրութիւնով եւ արդէն իրականացուած են արտադրական եւ բնակելի տարածքներու համար արեւային կայաններու տեղադրման շարք մը նախագծեր։

Հարկ է նշել, որ այս տարի Փետրուարի 23-ին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած էր ներդրումային ծրագրերու շրջանակէն ներս «Փրոֆփանէլ» ընկերութիւնը ազատել մաքսատուրքէ՝ փորձագիտական սարքաւորումներու, անոնց բաղկացուցիչ եւ համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներմուծման համար։ 

Շաբաթ, Յուլիս 1, 2017