ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑ ՉԿԱՅ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Էրտողան եւ Թրամփ տեսակցեցան Քիոթոյի մէջ, ուր կը գտնուէին Ճաբոնի տանտիրութեամբ կազմակերպուած «G-20»ի գագաթաժողովին մասնակցելու համար։ Երկու ղեկավարներուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու տեսակէտէ բաւական բարդ ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Յամենայնդէպս, նախագահներու շաբաթավերջի հանդիպման լոյսին տակ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ զգալի լիցքաթափում մը տեղի ունեցաւ։ Թրամփի արտայայտութիւնները կը բովանդակէին պատգամներ, ըստ որոնց ԱՄՆ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի չգործադրէ՝ Ս-400 ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու ձեռքբերման պարագային։ Էրտողանի եւ Թրամփի տեսակցութիւնը լաւատես հորիզոններ ուրուագծեց թուրք-ամերիկեան համագործակցութեան առջեւ։