ԵՐԲԵՔ ՄԻ՛ ԸՆԷՔ…

Մարմնի բնական արձագանգը ժահրերու ներթափանցման ջերմաստիճանի բարձրացումն է: Բայց ծնողներէն շատեր չեն գիտեր, թէ ինչպէս վարուին, երբ երեխայի ջերմութիւնը բարձրանայ: Lifter կը ներկայացնէ, թէ ի՞նչ պէտք չէ ընել:

ՍԱՌԵՑՈՒՄ

Եթէ երեխան վարակի, թոքաբորբի պատճառով ջերմութիւն ունի, սառեցումը կը բարդացնէ հիւանդութիւնը: Երբեք մի՛ օգտագործէք սառոյց, քանի որ ան կրնայ յառաջացնել այրուածքներ, որոնք երեխաներու մօտ կը յառաջացնեն շնչառական խանգարում:

Մարմինը սառը սրբիչով սառեցնելը գործնականին մէջ կը կիրառուի միայն արեւու այրման ժամանակ: Այնուամենայնիւ, բժիշկները չեն յանձնարարեր այս ձեւը՝ անոր փոքր ինչ արդիւնաւէտութեան պատճառով:

ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐԸ ՓԱԿԵԼ

Եթէ երեխաները բարձր ջերմութիւն ունին, անոնց անհրաժեշտ է մաքուր օդ: Մայրերու մեծամասնութիւնը հակառակը կ՚ընէ, ինչ որ կը յանգեցնէ օդին մէջ մանրէներու կուտակման եւ հիւանդութեան սրացման:

ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Երբ երեխան հիւանդ է, անհրաժեշտ է տարատեսակ սնունդ տալ իրեն, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել հիւանդութիւնը եւ աւելի արագ վերականգնուիլ: Պատրաստեցէք հեշտամարս ուտեստներ եւ երեխային շատ ջուր տուէք:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020