ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԱՇԽԱՐՀ…

Աշխարհահռչակ ֆրանսական L՚Oreal ընկերութիւնը մտադիր է իր քսուքներու եւ բոլոր արտադրանքներու անուանումներէն ջնջել «սպիտակ», «բաց գոյնի» եւ «բացացնող» ածականները: Ընկերութիւնը իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ բազմաթիւ զանգուածային լրատուամիջոցներ շտապած են սպիտակը առընչել աշխարհի մէջ սեւամորթերու նկատմամբ ցեղապաշտութեան դէմ արշաւի ընթացքին հետ:

«L՚Oreal Group ընկերութիւններու խումբ մը որոշում առած է ջնջել «սպիտակ», «բաց գոյնի» եւ «բացացնող» (white/whitening, fair/fairness, light/lightening) բառերը մաշկի խնամքի համար նախատեսուած բոլոր արտադրանքներու անուանումներէն», ըսուած է անգլերէն համառօտ ուղերձին մէջ:

Բաց աստի, ընկերութեան ներկայացուցիչներէն մին հարցազրոյցի մը ընթացքին այս քայլին մասին ոչ մէկ մանրամասնութիւն յայտնած է, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ առնուած է համապատասխան որոշումը։ Տակաւին յայտնի չէ, թէ յատկապէս ե՛րբ տեղի կ՚ունենան փոփոխութիւնները։ Իսկ մինչ այժմ համապատասխան անուանումներով ապրանքները գնման համար հասանելի են համացանցի միջոցով: Այդ բառերը փոխարինելու համար տակաւին ոչ մէկ այլընտրանք ներկայացուած է:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020