ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ԷԼՄԱՐ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՎԱՐ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ ունեցան հեռավար հանդիպում մը։ Տեսաքոնֆերանսը կազմակերպուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շէֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։ Հանդիպման ընթացքին Մնացականեան ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ հնչած ռազմատենչ եւ ապակառուցողական յայտարարութիւններու անթոյլատրելիութիւնը։ Ան նշեց, որ անոնք վնաս կը հասցնեն հաշտութեան միջավայրին եւ կը խոչընդոտեն ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման յանձնառութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Զօհրապ Մնացականեան կարեւորեց Արցախի ժողովուրդի համապարփակ անվտանգութեան շարունակական ապահովման անհրաժեշտութիւնը՝ ներառեալ ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը։
Հեռավար զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան առերես հանդիպումներու եւ համանախագահներու տարածքաշրջան այցելութեան հնարաւորութիւնները՝ կախ-ւած համաճարակի իրավիճակի զարգացումներէն։ Ընդգծուեցաւ նաեւ յաջորդ ամիս հեռավար կապով շփումները շարունակելու պատրաստակամութիւնը։
Միւս կողմէ, երէկուան հեռավար հանդիպումէն վերջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ԵԱՀԿ-ի կայքէջին վրայ հրապարակուած այս յայտարարութեան մէջ շեշտըւեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Միջնորդները այս առթիւ մատնանշած են, որ խաղաղութեան եւ առարկայական բանակցութիւններու համար բարենպաստ մթնոլորտի մը խթանումն ու պահպանումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ըստ իրենց, դրական է յարաբերական կայունութիւնը եւ ողջունելի է, որ կողմերը կը շարունակեն օգտագործել հաղորդակցութեան անմիջական կապերը, մագլցումներէ խուսափելու համար։
Համանախագահները կոչ ուղղեցին, որպէսզի կողմերը յաւելեալ քայլերու ձեռնարկեն՝ հրադադարի ամրապնդման եւ բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ։ Միջնորդները ընդգծեցին նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի հովանաւորութեան ներքեւ դիտարկման գործողութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը՝ հնարաւորինս շուտ, երբ պայմանները ըլլան թոյլատու։ Համատեղ յայտարարութեան մէջ եւս շեշտուեցաւ, որ համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են յաջորդ ամիս դարձեալ տեսաքոնֆերանս մը կազմակերպել եւ անձնապէս հանդիպիլ՝ հնարաւորինս արագ։