ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ. «ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ԲՈԼՈՐ ԱՋԱԿԻՑՆԵՐՈՒՍ»

Ինչպէս ծանօթ է, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան անցած է WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնի եզրափակիչ փուլ:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, երաժիշտը ըսած է, որ շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք առցանց հարթակի վրայ կատարուած քուէարկութեան սատարած են իրեն։

Մրցոյթի կազմակերպիչները շնորհաւորած են Մարիաննա Գէորգեանը՝ նշելով, որ ան վառ եւ տաղանդաւոր անձնաւորութիւն մըն է, որ ինքզինք նուիրած է արուեստի եւ իր իւրայատուկ վարպետութեամբ, դերասանական հմտութիւններով եւ հետաքրքրական երգացանկով գերած է հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնի երկրպագուները եւ հեռուստադիտողները: Ըստ կազմակերպիչներու՝ Մարիաննա Գէորգեան իր արուեստով կը նպաստէ հայկական մշակոյթը պահպանելու եւ ներկայացնելու:

Քանոնահարուհին տեղեկացուցած է, որ քուէարկութեան մասնակցած է աւելի քան 16 միլիոն մարդ՝ 151 պետութենէ: Յունիսի 18-ին սկսած է եզրափակիչի մէջ յաղթելու համար նախատեսուած քուէարկութիւնը, որ տեւած է մինչեւ յունիսի 28-ը: Երաժիշտը յայտնած է, որ իրեն համար պայման է պետական մակարդակով աջակցութիւն։

Առցանց հարթակի վրայ տեղի ունեցած մրցոյթին մասնակցելու ժամանակ Մարիաննա Գէորգեան ներկայացուցած է ազգային նուագարան քանոնը՝ կատարելով Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւնը: Ընտրութիւնը տեւած է մէկ ամիս: Մրցոյթին մասնակցած է 115 երկրի ներկայացուցիչ, բայց 3 հազար 950 մասնակից կիսաեզրափակիչ անցած է 180-ը՝ 60 երկրէ: Անոնց շարքին տեղ գրաւած են նուագախումբեր, երգչախումբեր եւ անհատ կատարողներ։

«Գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ քանոն նուագարանը կայ, բայց այդ երկիրներու ներկայացուցիչներէն ոչ մէկը քանոն նուագարանով մասնակցեցաւ մրցոյթին, ինչ որ շատ ուրախալի է։ Եթէ անկեղծ ըլլամ, շատ կը փափաքիմ յաղթական դուրս գալ այս մրցոյթէն», խոստովանած է ան։

Մարիաննա Գէորգեան ուսանած եւ բացառիկ յաջողութեամբ աւարտած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը։ Ան հանրապետական, միջազգային մրցոյթ-փառատօներու ընթացքին արժանացած է ոսկէ մետայլի։ Կ՚աշխատի «Կոմիտաս» քամերային երաժշտութեան տան «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթին հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020