Շաբաթ 28, Դեկտեմբեր 2024
ՆՈՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐ
Bored Panda-ն ուշագրաւ լուսանկարներու շարքով ցոյց տուած է, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս առցանց գնումներու «զոհ» կը դառնան։
Ներկայ աշխարհի մէջ համացանցը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի միլիոնաւոր մարդոց համար, որոնք բազմաթիւ հարցեր կը լուծեն համաշխարհային ցանցի օգնութեամբ: Այս առումով առեւտուրը եւս բացառութիւն չէ:
Համացանցը առեւտուրի համար յարմար հարթակ մըն է, քանի որ կ՚օգնէ գնումներ ընելու՝ խնայելով ժամանակը:Այնուհանդերձ՝ առցանց պատուէր տալն ու որեւէ բան գնելը բաւականին դժուար քայլ մըն է, քանի որ շատ յաճախ առնուած ապրանքը որեւէ կապ չ՚ունենար պատուիրած նմոյշին հետ:
Այս պնդումը կրնան հաստատել boredpanda.com կայքի հրապարակած ուշագրաւ լուսանկարներու շարքի հերոսները, որոնք առցանց գնումներու «զոհ» դարձած են։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020