ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՋ

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը ունի նոր կայք։ Այսպէս, գործարկուած է Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի նոր կայքէջը՝ zoo.am-ը։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի մամուլի ծառայութիւնը։

«Կայքէջը տակաւին կը գտնուի մշակման փուլի մէջ եւ խնդիրներ ի յայտ գալու պարագային կը հայցենք Ձեր ներողամտութիւնը։

«Կայքէջը ունի ժամանակակից, գեղեցիկ ձեւաւորում, յառաջիկային կ՚ըլլայ ամբողջական տեղեկատուութիւն կենդանաբանական այգիի գործունէութեան, ոլորտի կարեւոր իրադարձութիւններու վերաբերեալ։ Կայքէջին մէջ կ՚ըլլայ առցանց շրջագայութեան հնարաւորութիւն այգիի տարածքէն ներս, կ՚ըլլան ռուսերէն եւ անգլերէն տարբերակները եւ շարք մը այլ հետաքրքրական նորութիւններ։

«Կը տեղեկացնենք, որ Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի նախկին կայքէջը՝ yerevanzoo.am-ը, ներկայիս չի պատկանիր Երեւանի կենդանաբանական այգիին եւ կը տարածէ ապատեղեկատուութիւն», սուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020