ՏՈՒՐՄԸ ԵՒ ԳԻՆԻՆ

Ըստ գիտնականներու, կարմիր գինին եւ տուրմը կրնան կանխել ծերացումը։ Այսպէս, կարմիր գինին եւ մուգ տուրմը ունին անհամար օգուտներ ռեսվերաթրոլ կոչուած բնական քիմիական նիւթի շնորհիւ:

Ինչպէս գրած է Thinking Humanity կայքէջը, ռեսվերաթրոլը հակաօքսիտան է՝ արտադրուած յատուկ բոյսերու կողմէ:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ռեսվերաթրոլի ամենայայտնի աղբիւրը կարմիր գինին է, իսկ ամենատարածուածը՝ կարմիր խաղողի կեղեւը, հում քաքաոն եւ մուգ հատապտուղները:

BMC Cell Biology ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ ռեսվերաթրոլ կրնայ օգտագործուիլ բջիջները երիտասարդացնելու համար:

Այս նիւթի ազդեցութենէն յետոյ բջիջները կը դառնան ոչ միայն երիտասարդ, այլեւ՝ աւելի գործօն:

Հետեւաբար, համտեսելով մուգ տուրմը եւ բաժակ մը կարմիր գինի, դուք կը զգաք ռեսվերաթրոլի բոլոր դրական հետեւանքները:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020