1293 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 50 հազար 492 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1293 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակաշրջանին եւս 16 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1302։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա մատնանշեց, որ նախորդ օրուան բաղդատմամբ նոր վարակեալներու թիւը նուազած է 81-ով։ Վերջին երկու օրերու տուեալներու համեմատութիւնը ցոյց կու տայ, որ խտացեալ խնամքի ենթակայ հիւանդներու թիւը բարձրացած է 8-ով, իսկ արհեստական շնչառութեան կապուած հիւանդներու թիւը՝ 7-ով։

Այս բոլորի լոյսին տակ Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ անհրաժեշտ վճռակամութիւնը չի ցուցաբերուիր նոր վարակուածներու թիւը նուազեցնելու ուղղութեամբ, բաւարար չէ նաեւ նախազգուշական միջոցներու նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020