ՌՈՒՍԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անթալիայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Անգարա եւ Մոսկուա յառաջիկայ շրջանին պիտի համակարգեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները վերջին շրջանին դարձած են Թուրքիա-Ռուսաստան օրակարգի անբաժանելի մասը։ Ուստի, նախարարներու երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի յետպատերազմեան իրավիճակին։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ, Լիպիոյ, Ուքրայնայի եւ Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները։ Նախարարներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ Իսթանպուլի ջրանցքը, որու շինարարութեան ձեռնարկուած է այս շրջանին։

Լաւրով Անթալիայի մէջ յայտնեց, որ կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել սերտօրէն համակարգել իրենց ջանքերը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործնական հարցերու լուծման աջակցելու համար։

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի աղբիւրներն ալ ուշադրութեամբ հետեւած են երէկուան բանակցութիւններուն։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ռուս նախարարը մեկնաբանած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ վերջերս դէպի Շուշի կատարուած այցելութիւնը։ Ըստ իրեն, այդ այցելութիւնը տեղի ունեցած է Թուրքիա-Ատրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջանակէն ներս։

«Այսօր մենք Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ պայմանաւորուեցանք, որ իւրաքանչիւրս պէտք է իր հնարաւորութիւնները օգտագործէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաշտեցման ջանքերուն աջակցելու, անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, պայմաններ ստեղծելու համար, որպէսզի հայերն ու ատրպէյճանցիները այդ հողին վրայ միասին ապրին՝ որպէս լաւ հարեւաններ։ Մենք վստահ ենք, որ այդ ժամանակ բոլոր հարցերը՝ ներառեալ քաղաքական, աւելի դիւրին պիտի լուծուին։ Կը կրկնեմ՝ մեր համագործակցութեան յաւելեալ ուղղութիւնը այդ տարածքաշրջանէն ներս փոխադրութեան, հաղորդակցութեան ու տնտեսական կապերու վերականգնումն է», ըսաւ Լաւրով։

Բաց աստի, ռուս նախարարը Անթալիայի մէջ յայտնեց, որ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ նախատեսուած՝ տարածքաշրջանի զարգացման ուղղեալ 3+3 համագործակցութեան հարթակի վերաբերեալ առաջարկն ալ դրական արձագանգ ստացած է։ «Մենք այսօր ալ այդ մասին խօսեցանք։ Ես կը կարծեմ՝ առաջին անգամ լաւ ծրագրեր ունինք։ Վերստին կը յայտարարեմ, որ մենք գոհ ենք Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան շուրջ արդիւնաւէտ համագործակցութենէն», աւելցուց ան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՅՐԱՄՈՎ

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Զանգեզուրի միջանցքը երեսուն տարի անց Նախիջեւանը պիտի կապէ իր երկրին հետ։ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ժամանակ Պայրամով յայտնեց, որ աննախադէպ հնարաւորութիւն մը կայ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման համար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ յայտարարեց, որ ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Ատրպէյճան, ո՛չ ալ առաւել եւս Ղարաբաղ հետաքրքրուած չեն հակամարտութեան շարունակմամբ։ «Ուղիղ գիծ» հեռուստածրագրի ժամանակ ռուս ղեկավարը պատասխանեց ժողովուրդի հարցումներուն։ Այս առթիւ ան ռուսահայու մըն ալ հարցումը պատասխանեց եւ ընդգծեց, որ Մոսկուա որոշիչ դեր կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի լուրջ տագնապի կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Եթէ մենք կարողանանք ապրիլ միասնաբար խաղաղ եւ բարեկամաբար, ապա կը ստեղծենք կեանքի բարելաւման պայմաններ, ընդ որում ոչ միայն անվտանգային առումով, այլեւ ընթացիկ կեանքէ ներս ընտանիքներու գոյութեան, տնտեսական եւ ընկերային զարգացման տեսանկիւնէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները շատ լաւ կը գիտակցին այս բանին։ Իր խօսքով՝ հակամարտութեան բոլոր կողմերը խաղաղութիւն կը փափաքին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 1, 2021