Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼ
Իրանի արտահերթ նախագահական ընտրութեան արդիւնքը յայտնի պիտի դառնայ երկրորդ փուլով։ Անցեալ ուրբաթ տեղի ունեցած քուէարկութեան առաջին փուլէն յաղթական դուրս եկան Մեսուտ Պեզեշքիան եւ Սայիտ Ճալիլի։ Այս վերջիններէն առաջինը կը համարուի բարեփոխումներու հետամուտ, իսկ միւսը՝ պահպանողական։ Անոնց միջեւ ձայներու շատ մեծ տարբերութիւն մը չկայ՝ մինչ առաջին փուլին երրորդ հորիզոնականը զբաղեցնելով զտուած Մուհամմէտ Պակիր Ղալիպաֆ երկրորդ փուլին համար զօրակցութիւն յայտնած է Սայիտ Ճալիլիին։
Քուէարկութեան երկրորդ փուլը նախատեսուած է այս ուրբաթ՝ յուլիսի 5-ին։
Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024