«ԵՐԵՒԱՆԸ ԿԸ ՊԱՐԷ» ԿԱՐԳԱԽՕՍՈՎ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ

Ամառը մեծ խանդավառութեամբ կ՚ընթանայ Երեւանի կեդրոնին։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մայրաքաղաքի առօրեան վերակենդանացած, վերաշխուժացած է՝ մշակութային եւ ընկերային զանազան ձեռնարկներով եւ սփիւռքահայերու ու զբօսաշրջիկներու ներկայութիւնով հանդերձ։

Այս մթնոլորտին մէջ, Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ ի գործ կը դրուի «Երեւանեան ամառ 2017» ծրագիրը։ Այս վերջինը բազմակողմանի ձեռնարկներով կ՚արժանանայ բոլորի անմիջական ուշադրութեան։ Յիշեալ նախագծի ծիրէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը՝ «Երեւանը կը պարէ» կարգախօսով։ Օփերայի համալիրի յարակից ընդարձակ ճեմապարտէզին մէջ, աւազանի մօտակայքին բազմաթիւ երիտասարդներ ներկայացուցին ժողովրդական պարեր։ Անոնց բացօթեայ ելոյթները արժանացան անցորդներու անմիջական ուշադրութեան։ Մինչ բացօթեայ պարերը ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն, պարախումբեր հանդէս եկան ազգագրական տարազներով, իսկ երիտասարդներ առօրեայ զգեստներով միացան անոնց։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017