ԼԵՒՈՆ ԼԱՃԻԿԵԱՆԻ «ՊՈԼԻՍ ԵՒ ԱՆԴԻՆ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

«Պոլիս եւ անդին». այսպէս կը կոչուէր վերջերս Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարչական աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը, որ 15-րդն է անոր ստեղծագործական կենսագրութեան մէջ: Յայտնի գեղագէտ-գծանկարիչը իր ուշադրութիւնը վերջին տարիներուն կեդրոնացուցած է Վոսփորի ափին փռուած այդ պատմական քաղաքի անցեալին ու ներկային վրայ: Վկայութիւնը դէպի Պոլիս-Իսթանպուլ կատարած անոր երեք այցելութիւններն են, որոնց նպատակը ոչ միայն «Պոլսոյ թաղերուն մէջ» պտոյտ կատարելը եղած է, այլ նաեւ անոր անանց հմայքը մեզի փոխանցելը:

«Պոլիսը նախ գրաւիչ է իր բնական գեղեցկութեամբ՝ Վոսփորի նեղուց, Իշխանաց կղզիները եւ այլն։ Անիկա գրաւիչ է նաեւ իր բազմամշակոյթ միջավայրով ու տարբեր քաղաքակրթութիւններու՝ ներառեալ հայկական, գոյութեամբ», ըսաւ արուեստագէտը «Հայերն այսօր»ի հետ զրուցելու ընթացքին:

Լեւոնի պատկերաշարին մէջ մեր առջեւ մեծապէս հայ Պոլիսն է կամ, ինչպէս տեղացի հայերը կ՚ըսեն՝ «մերին Պոլիսը»:

«Պէտք չէ մոռնալ, որ պոլսահայութիւնը հարիւր եւ աւելի տարիներ ապրած է եւ կ՚ապրի 1915-ի դառն յիշողութեամբ եւ անոր յաջորդած քաղաքական ու տնտեսական հետեւանքներով։ Հակառակ այդ բոլորին, Պոլսոյ մէջ այսօր կը շարունակէ ապրիլ աշխոյժ հայ համայնք մը, որուն կենսունակութեան ցուցիչներէն լաւագոյնը թերեւս այնտեղ հրատարակուող հայ մամուլն է՝ «Ժամանակ», «Մարմարա», «Ակօս», «Լոյս» թերթերը եւ «Փարոս» մշակութային ամսագիրը», կը յայտնէ արուեստագէտը։

Այս անգամ արուեստագէտը Նիւ Եորք մեկնած էր տեղի պոլսահայ շրջանակներուն հրաւէրով: Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ «Թուֆայեան» սրահին մէջ բացուած ցուցահանդէսը ուղեկցուած է հետաքրքրական դասախօսութեամբ՝ «Պոլսոյ դերը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ» թեմայով: Բանախօսը ներկայացուց յայտնի եւ անյայտ փաստեր ո՛չ միայն Պոլսոյ անցեալէն, այլ նաեւ ներկայէն՝ մասնաւորապէս նշելով, որ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք Սփիւռքի մէջ նկատելի է Պոլսոյ գրամշակութային յառաջատար դերի վերադարձն ու վերահաստատումը:

Ըստ բանախօսին՝ ինք մեծ տեղ յատկացուցած է պոլսահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնցմէ գլխաւորը հայախօսութեան մակարդակի շեշտուած անկումն է: Հարցը այն է, որ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, այսօր տեղւոյն երիտասարդ հայ սերունդի միայն 9 տոկոսը կը խօսի մայրենիով: Աւելին, բանախօսին տուեալներով՝ տարուէ տարի կը պակսի ոչ միայն Պոլսոյ վարժարաններ յաճախողներու, այլեւ ուսուցիչներու թիւը: Այս առումով ան ունկնդիրներուն մանրամասնօրէն ներկայացուց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան 50-ամեայ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:

Ներկաներու հարցումներն ու քննարկումները շարունակուած են քառասունէ աւելի գծանկարներու առջեւ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը՝ 1300 տոլար, փոխանցուեցաւ Կիւմրիի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Օգտուելով առիթէն՝ Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտը նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետայլը փոխանցած է Պոլսահայ օգնութեան միութեան (CARS) պատասխանատուներուն:

Լեւոն Լաճիկեանի ամերիկեան այցի վերջին կանգառը եղաւ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ անոր գծանկարներուն շնորհանդէսը: Ձեռնարկի ընթացքին հեղինակը տեղւոյն հայ համայնքին նուիրած է եկեղեցին պատկերող նկար մը, որով մեկնարկած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրման 60-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու շարքը:

«Զարթօնք», Պէյրութ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017