ԿՐՕՆԻՑ ՏԵՍՈՒՉԸ ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԱԾ
Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Մեհմէտ Կէօրմէզ կոչուեցաւ հանգստեան։ Ան համապատասխան պահանջով աղերսագիր մը ուղարկած էր վարչապետարան եւ այդ հիման վրայ բաւարարուեցաւ իր պահանջը։ Մեհմէտ Կէօրմէզի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Կրօնական գործոց բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Էքրէմ Քելէշին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ Կէօրմէզ կը շարունակէ վարել տարբեր պաշտօն մը։ Էրտողան աւելցուցած էր, որ այդ փափաքը պէտք է համաձայնեցուի վարչապետարանին հետ։ Երէկ, արդէն կառավարութիւնը որոշեց հանգստեան կոչել կրօնից տեսուչը։ Կէօրմէզ մօտաւոր անցեալին պաշտօնաթող ըլլալու ազդանշանները տուած էր՝ Կրօնից տեսչութենէն ներս ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան ներթափանցման վերաբերեալ տեղեկագիրը ներկայացնելու ժամանակ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Մեհմէտ Կէօրմէզի ապագայի պարագային կան երկու վարկածներ։ Ան կրնայ որպէս հիմնադիր-վերատեսուչ գլխաւորել Իսթանպուլի մէջ ստեղծուելիք համալսարան մը։ Երկրորդ տարբերակը այն է, որ Մեհմէտ Կէօրմէզ կրնայ գլուխը բերուիլ այնպիսի պաշտօնի մը, որու նպատակը պիտի ըլլայ համայն աշխարհին ծանօթացնել իսլամը՝ ահաբեկչկան կազմակերպութիւններու պատճառով ձեւաւորուած վատ տպաւորութիւններուն հետ։