ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ
Հայաստանի Ելմտական նախարար Վարդան Արամեան յայտնեց, որ կառավարութեան ծրագիրը կազմելու ժամանակ հաշուի առած են՝ համաշխարհային միտումները, երկրի տնտեսական ներուժը եւ բազմաթիւ մաքրօտնտեսական ցուցանիշներ։ «Մենք գնահատած ենք մեր գործողութիւններու արդիւնքը, թէ ի՛նչ կրնանք ունենալ՝ եթէ մեր ծրագիրը իրագործենք։ Պարզ տնտեսական լեզուով մը եթէ ըսեմ՝ մեր այսօրուան գնահատուած տնտեսական աճի ներուժը զանազան մոտելներով 3-4 տոկոս է։ Եթէ մենք մեր առջեւ կը դնենք միջին հաշուով 5 տոկոս տնտեսական աճի ցուցանիշ, այդ արդիւնքին հասնելու համար ջանքեր պիտի գործադրենք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ գործադրուելիք ջանքերը մանրամասն դրուած են կառավարութեան ծրագրին մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Վարդան Արամեան անդրադարձաւ երկրի տնտեսութեան ընդհանուր երթին։ Իր խօսքերով, իսկական արդիւնք մը ապահովելու համար տնտեսական աճի 5 տոկոսը ցած չի համարուիր։ «Մենք պէտք է շատ ճիշդ գնահատենք մեկնարկային իրավիճակները, թէ ո՛ւր կը գտնուինք եւ ուր պիտի երթանք։ Մենք կը նախատեսենք հինգ տարուան ընթացքին ապահովել միջին հաշուով 5 տոկոս տնտեսական աճ։ Սա չի նշանակեր, որ մենք ուղղակի պիտի ճշդենք 5 տոկոսը։ Տարի մը սա կրնայ ըլլալ 4.7 տոկոս, միւս տարի կը ձգտինք աւելի բարձր ցուցանիշի՝ որպէսզի հինգ տարուան ընթացքին միջին հաշուով 5 տոկոս ցուցանիշ ապահովենք։ Ըսեմ աւելի՛ն. եթէ մենք 5 տոկոս աճի վրայ միւս տարի եւս 5 տոկոս աճ ունենանք, սա արդէն լուրջ տնտեսական ձեռքբերում մը կ՚ըլլայ», աւելցուց նախարարը՝ յիշեցնելով, որ իրենք կառավարութեան ծրագրին մէջ դրած են այն մօտեցումը, թէ ջանքեր պիտի գործադրուին, որպէսզի համաշխարհային տնտեսութենէն կամ Հայաստանի հետ համագործակցող երկիրներէն տնտեսական աճի աւելի առաջանցիք թափեր ունենանք։