ՇԱՒԱՐՇ ՔՈՉԱՐԵԱՆ. «ՊԷՏՔ ՉԷ ՈՒՆԵՆԱԼ ԱՒԵԼՈՐԴ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ռուսաստան թէեւ դաշնակից է, սակայն անվտանգութեան հարցերու մէջ երկիրը առաջին հերթին յոյսը պէտք է դնէ իր վրայ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շաւարշ Քոչարեան խորհրդարանի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի նոր խմբաքանակ մը մատակարարելու վերաբերեալ հարցին։ Փոխ-նախարարը այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Պէտք չէ ունենալ աւելորդ սպասելիքներ։ Ի հարկէ, Ռուսաստան մեր դաշնակիցն է։ Բայց աւելորդ սպասումները կրնան այլ պատկեր մը ստեղծել։ Սա իրականութիւն է եւ մեր դիրքորոշումը այդ հարցին մէջ յստակ ու պարզ է»։

Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, որ այս իսկ տրամաբանութեան հիման վրայ Հայաստան կը կառուցէ իր արտաքին յարաբերութիւնները թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ այլ գործընկերներու հետ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017