ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆՄԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ լարուածութիւնը վերջին շրջանին կը հասնի անհաւատալի համեմատութիւններու, ինչ որ խոր մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Առանց չափազանցութեան, Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ ծայր տուած ձգտեալ վիճակը կը յիշեցնէ Պաղ պատերազմի շրջանը։ Խնդիրը ունի հետաքրքրական ծալքեր, որովհետեւ եւրոպական մայրաքաղաքներէն, մանաւանդ Պերլինէն վերապահ ձայներ կը բարձրանան ԱՄՆ-ի կողմէ ձեռնարկուած վերջին քայլերուն համար։ Այս մթնոլորտին մէջ, ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Մարք Փենս յայտարարեց, որ Ռուսաստան սպառ-նալիք մըն է ՆԱԹՕ-ի դէմ։ Ամերիկացի փոխ-նախագահը վերջին օրերուն ուղեւորութեան մը ձեռնարկեց դէպի Էսթոնիա, Վրաստան եւ Քարատաղ։ Թալինի եւ Թիֆլիզի շփումներուն ընթացքին ան ասպարէզ կարդաց Մոսկուայի դէմ ու զօրակցութիւն յայտնեց իր երկրի՝ Արեւելեան Եւրոպայի դաշնակիցներուն։

Թալինի մէջ Մայք Փենս տեսակցեցաւ Մերձպալթեան երեք երկիրներու՝ Էսթոնիոյ, Լիթվանիոյ եւ Լիթվայի ղեկավարներուն հետ։ Ան յայտարարեց, որ ամերիկեան կողմը մտադիր է Էսթոնիոյ մէջ տեղակայել հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ։ Մայք Փենս յայտնեց, որ ԱՄՆ միշտ կանգնած է Մերձպալթեան պետութիւններու եւ ժողովուրդներու կողքին ու պիտի մնայ այդպէս։ Ան զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ ի նպաստ Արեւելեան Եւրոպայի այն երկիրներուն, որոնք մտահոգութիւն յայտնած են տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի իրենց դէմ մտադրութիւններուն մասին։ Մայք Փենս ընդգծեց, որ պատրաստ են ընդլայնելու ռազմավարական համագործակցութիւնը անվտանգութեան ոլորտէն ներս։

Թալինէ վերջ Մայք Փենս անցաւ Թիֆլիզ, ուր Վրաստանի ղեկավարութեան փոխանցեց ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի պատգամը։ Այսպէս, Ուաշինկթըն կը յայտնէ, որ Վրաստանի կողքին է։ Փենս Թիֆլիզի մէջ տեսակցեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի, Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Իր կեցութեան ընթացքին, ան մասնակցեցաւ նաեւ Վրաստանէ ներս շարունակուող «Արժանի գործընկեր-2017» բազմազգ զօրավարժութիւններուն՝ ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեան ներքեւ։ Փենս, որ Թալինի մէջ ՆԱԹՕ-ի դէմ սպառնալիք մը համարած էր Ռուսաստանը՝ աւելցուց, թէ իր երկիրը ամէն ինչ պիտի ընէ այդ սպառնալիքը կանխելու համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017