ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԱՌԱՔՈՒՄՆԵՐ

Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին։ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի իշխանութեան շրջանին այս խնդիրները արդէն Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ լարուածութեան տեղի տալ սկսած էին։ Այժմու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարութեան շրջանի սկիզբին կողմերու միջեւ տեղի ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ, որոնց ընթացքին ամենայն մանրամասնութեամբ դիրքորոշումները ու փոխադարձ սպասումները յստակացուեցան։ Որոշ չափով լաւատես տրամադրութիւններու մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, սակայն գործնական հարթութեան վրայ այդ լաւատեսութիւնը աստիճանաբար իր տեղը թողուց մտահոգիչ իրադարձութիւններու։ Վերջին շրջանին դարձեալ երկու մայրաքաղաքները զիրար կ՚ամբաստանեն Սուրիոյ տարածքէն ներս ահաբեկչութիւն խրախուսելու ուղղութեամբ։

Առկայ իրավիճակին մէջ, թրքական կողմը ահազանգ կը հնչեցնէ Սուրիոյ մէջ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուած զէնքերու ու զինամթերքներու խնդրին շուրջ։ Թրքական զանգուածային լրատուական միջոցներն ալ մանրամասն տուեալներ կը հրապարակեն Միացեալ Նահանգներու կողմէ ԵՓԿ-ի համար ուղարկուած զէնքերու եւ զինամթերքներու հարցին շուրջ։ Մինչեւ Յուլիսի 27-ը ամերիկեան կողմը Սուրիոյ մէջ ԵՓԿ-ի զօրքերուն ուղարկած էր 809 մեթր բեռնատարով զինուորական սարքաւորում, զէնք ու ռազմամթերք։ Այդ բոլորին վրայ վերջին օրերուն աւելցաւ նոր խմբաքանակ մը եւս։ Այսպէս, նախընթաց օր ամերիկեան ռազմական մատակարարումներու եւս հարիւր բեռնատար Իրաքի սահմանը հատելով մուտք գործեց Սուրիոյ Հասեքէ քաղաքը, որ կը գտնուի ԵՓԿ-ի հակակշռին տակ։ Այսպէսով, ԵՓԿ-ին տրամադրուած ռազմական օժանդակութեան ծաւալը հասաւ՝ 909 մեծ բեռնատարի տարողութեան։

Անգարայի ղեկավարութիւնը լուրջ անհանգստութեամբ կը հետեւի այս բոլոր իրադարձութիւններուն։ Երէկ, այս մասին Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը արտայայտեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, որ յիշեցուց, թէ ՓԵՏ ՓՔՔ-ի յարդարուած ձեւն է։ «Ոեւէ մէկը թող չսրտնեղի. ՓՔՔ-ին զօրակցութիւնը չի գար աշխարհի ծայրամասերէն, մեզի անծանօթ վայրերէ։ ՓԵՏ-ին համար նորագոյն զէնքերը չեն տրամադրուիր Ճաբոնի կողմէ։ Հետեւաբար, ի յայտ եկած են սխալ նախընտրութիւններ», ըսաւ նախարարը։

Միւս կողմէ, թրքական զինուորական աղբիւրները հերքեցին վերջին օրերուն շարք մը քրդական կայքէջերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած պնդումները, ըստ որոնց թրքական զօրամիաւորումներ Կիրակի գիշեր Քոպանիի շրջանը մուտք գործելով տեղակայուեցան ծանր զէնքերով։ Թուրք զինեալ ուժերու աղբիւրները յայտնեցին, որ բանակը Սուրիոյ սահմանին վրայ գործօն նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնէ։ Զօրքերու տեղափոխութիւններուն եւ սահմանի վրայ կատարուած կուտակումներու պատճառով ստեղծուած աշխուժութիւնը՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի ահաբեկիչներուն կողմէ դիտումնաւոր ձեւով կ՚աղաւաղուի ու կը տարածուին անհիմն տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Թուրքիոյ բանակը մուտք գործած է Սուրիա։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017