ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրվիրտի հետ։ Այս վերջնոյն ընկերակիցներու շարքին էին իրաւաբանական բաժնի ղեկավար Իննա Պորիսովիչ եւ արտաքին կապերու համակարգող Անահիտ Հայրապետեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրերը՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց սուրիահայոց հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կազմակերպութեան իրականացուցած աջակցութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցաւ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած եւ Հայաստան տեղափոխուած անձերու ազգային համարկման ռազմավարութեան» նախագիծը։

Քրիստոֆ Պիրվիրտ հանգամանօրէն ներկայացուց այդ ռազմավարութեան վերաբերեալ իր կարծիքը, հարցադրումները եւ առաջարկները։ Ան կարեւորեց միջազգային ասպարէզի վրայ սուրիահայոց խնդիրներու պատշաճ ձեւով ներկայացումը՝ հանրութեան ուշադրութիւնը ուղղելու համար դէպի Հայաստան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017