ԱՊԱԳԱՅԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ վերջերս այցելեց Հայաստան, Երեւանի իր կեցութեան օրերուն շահեկան տեսակցութիւն մը ունեցած է յայտնի լրագրող-հրապարակագիր, նաեւ մեր սիւնակագիր Սագօ Արեանի հետ։ Թէեւ Սագօ Արեան նաեւ մեր աշխատակիցն է, սակայն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ հարցազրոյց մը ըրած է՝ իր վարած «Արեւելք» կայքէջին եւ «Շանթ» հեռուստակայանին համար։ Հանդիպման ժամանակ Սագօ Արեան տեղին հարցումներ ներկայացուցած է նորին սրբազնութեան՝ նկատի ունենալով, որ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Որպէս հմուտ զրուցավար եւ վերլուծաբան՝ ան սրբազանի կարծիքը շօշափած է համայնքային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ տուած է սպառիչ պատասխաններ։ Իր յայտարարութիւնները մէկ կողմէ հանգամանօրէն կ՚ամփոփեն համայնքային կեանքի այժմու փուլը, իսկ միւս կողմէ շինիչ մօտեցումներով լոյս կը սփռեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի շարունակութեան վրայ։ Առանց չափազանցութեան, սա իր կողմէ ցարդ տրուած ամենաբովանդակալից հարցազրոյցներէն մին է։

«Շանթ»ի վրայ նորին սրբազնութեան խօսքերը հրապարակուած են արեւելահայերէնի վերածուելով, իսկ «Արեւելք»ի վրայ ընթերցողին մատուցուած՝ արեւմտահայերէնով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սագօ Արեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի երկարաշունչ տեսակցութեան բնագիրը ամբողջութեամբ։

*

-Աստուած օգնական սրբազան հայր: Առաջին առթիւ հարցնեմ, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերջերս կազմուած Նախաձեռնարկ մարմնի անդամութիւնը, արդեօք այս կազմը պիտի կարողանա՞յ յառաջ տանիլ Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան հարցը։

-Մեր Պատրիարքական Աթոռի եւ համայնքի պարագային Հանրապետական շրջանին ձեւաւորուած նախընթացի մը մասին է խօսքը այստեղ։ Հանրապետական շրջանին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքներու ընտրութեան ժամանակ աւանդութիւն դարձած է նման նախաձեռնարկ մարմիններու ստեղծուիլը։ Սա ձեւ մըն է Ազգային Սահմանադրութեան ոգիին ու տարրին նկատմամբ հաւատարիմ մնալու համար։ Նախաձեռնարկ մարմինը պարզապէս պատրիարքական ընտրութիւնը կազմակերպող ընտրական յանձնաժողով մըն է։ Անշուշտ, որ անոր տեսած գործը, վստահուած առաքելութիւնը կարեւոր է, սակայն Նախաձեռնարկ մարմինը թեքնոքրատներու կազմ մըն է։ Հետեւաբար, առանձին պատճառ մը գոյութիւն չունի յատուկ վերապահութիւն դրսեւորելու, եթէ բացառիկ, արտառոց հանգամանքներ չկան։ Մենք ընդհանրապէս, ողջունելի կը համարենք, որ Նախաձեռնարկ մարմինը լծուած է աշխատանքի։ Մեր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը իրենց հետ է ու վստահ ենք, թէ մեր աւանդական ճանապարհին հաւատարիմ մնալով ջանք պիտի չխնայեն պատրիարքական ընտրութիւնները փութով, պատշաճ ձեւով, արդարութեամբ եւ ամենակարեւորը՝ մեր ժողովուրդի առաւել ներգրաւմամբ կազմակերպման նպատակով։

-Սրբազան հայր, դուք ինն տարիներէ ի վեր կը վարէիք Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդի կարեւոր պաշտօնը։ Ի՞նչ պատահեցաւ եւ ի՞նչ են իրական պատճառները, որոնց արդիւնքով տեղի տուիք վերջին ընտրութեան եւ ձեր տեղը զիջեցաք Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանին։

-Այո՛, մենք շուրջ ինն տարի՝ ընդհանուր փոխանորդի կարգավիճակով ստանձնած էինք Պատրիարքական Աթոռի ղեկը։ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի երկարատեւ հիւանդութեան եւ անգործութեան շրջանը, ընդհանրապէս, անցումային շրջան մը եղաւ մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ համայնքին տեսակէտէ։ Այդ անցումային շրջանը ունէր իրեն բնորոշ արտասովոր պայմաններ, որոնց պարտադրանքով ղեկավարման ժամանակաւոր դրութիւն մը հաստատուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին համար։ Մենք այդ գործը ըրինք ունենալով միակ նպատակ մը. Պատրիարքական Աթոռի ընդհանուր ընթացքը պահել կայուն եւ կաղացում չյառաջացնել անոր բազմակողմանի գործունէութեան մէջ։ Անշուշտ, անցումային շրջանները միշտ դժուար կ՚ըլլան եւ մենք ալ մեծ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցինք։ Խորքին մէջ, մեր ապրած ամբողջ փոթորիկներու պատճառը այն էր, որ մեր Պատրիարքական Աթոռը այսօր չունի պաշտօնական կարգավիճակ մը, չունի կանոնադրութիւն մը։ Այս հանգամանքը պատճառ դարձաւ, որ մենք այդ անցումային շրջանին մեր առջեւ չունենանք հարթ ճանապարհ մը։ Ի վերջոյ, երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումով այդ անցումային շրջանը վերջացաւ եւ ստեղծուեցաւ նոր իրավիճակ մը։ Աթոռը այժմ ունի տեղապահ մը։ Տեղապահի ընտրութեան ժամանակ ստեղծուած պայմանները բոլորին ծանօթ են, յիշեցնելու անհրաժեշտութիւն մը չկայ։ Այժմ մենք պէտք է ժամ առաջ ձեռնարկենք պատրիարքական ընտրութեան։ Այս նպատակին քով այլեւս ամէն ինչ երկրորդական է։ Մինչեւ այսօր եղան բազում թերութիւններ մեր համակարգի ընդհանուր տկարութիւնները ցաւալի դրսեւորումներ ունեցան նաեւ տեղապահի ընտրութեան փուլին, սակայն մենք յարմար կը դատենք յաւելեալ խնդիրներ յարուցելու, յաւելեալ փոթորիկներ ստեղծելու փոխարէն՝ համախումբ ձեւով կեդրոնանալ մեր կէտ-նպատակին, պատրիարքական ընտրութեան վրայ։

-Քիչ չեն անոնք, որոնք կը խօսին ձեր եւ Պոլսոյ համայնքի երեւելի ու ազդեցիկ պատասխանատուներու միջեւ առկայ սուր տարակարծութիւններու մասին, որոնք կրնան ազդել ձեր պատրիարք դառնալու բախտին վրայ։ Ի՞նչ կ՚ըսէք այս մասին։

-Մեր համայնքէն ներս, ինչպէս ըսինք, տեղի ունեցաւ իրադրութեան փոփոխութիւն եւ այդ մէկը անխուսափելիօրէն կը բերէ ուժերու վերադասաւորումներ։ Մենք մեր համայնքի բոլոր պատասխանատուներուն նկատմամբ տրամադրուած ենք հայրապէս, գնահատանքով ու դրական զգացումներով։ Մենք չենք կրնար ըսել, որ այս պահու դրութեամբ սուր տարակարծութիւններ ունինք երեւելի կամ ազդեցիկ պատասխանատուներու հետ։ Մենք սովորաբար խնդիրներուն կը մօտենանք սկզբունքային տեսակէտէ եւ այդ սկզբունքներու հասարակաց յայտարարին վրայ կը ջանանք համագործակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծել մեր աշխարհական վարիչներուն հետ։ Մենք մեր աշխարհական վարիչները չենք դասաւորեր՝ ըստ իրենց երեւելիութեան կամ ազդեցութեան կարողութեամբ։ Մեզի համար բոլորը սիրելի մարդիկ են, որովհետեւ ծառայութիւն կը բերեն մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Անկեղծ ըլլալու համար, շրջանցած չըլլալու համար նաեւ ձեր ակնարկութիւնը՝ աւելցնենք հետեւեալը. Ճիշդ է, որ մասնաւորապէս կայ անուն մը, որ կը փորձէ մեր համայնքէն ներս ինքզինք մեզի հետ չափել, կը փորձէ իր տխուր ջանքերով մեզ մաշեցնել կամ հեղինակազրկել ու մեզի դէմ զրպարտանքներով մթնոլորտ ձեւաւորել։ Մենք որպէս եկեղեցական՝ իսկապէս մեծ ցաւ կ՚ապրինք, երբ ականատես կ՚ըլլանք, թէ մեր հօտին մէջ կ՚ըլլան սայթաքող մարդիկ։ Այս պարագային խօսքը պարզ սայթաքումներու մասին չէ, նոյնիսկ խնդիրները բարոյական ծալքեր ունին, սակայն մենք այս բոլորը չենք դատեր մեր պատրիարք դառնալու հաւանութեան կամ հնարաւորութիւններուն տեսակէտէ։ Այդ բանը մեզի համար չափանիշ մը չէ։ Մենք եթէ ունինք որոշ աշխարհական գործիչներու հետ տարաձայնութիւններ, կրնանք պատրաստակամ ըլլալ լուծումներ գտնելու մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքի շահերու հիման վրայ, սակայն այդ բոլորին մէջ մեզի ուղեցոյց չեն կրնար ըլլալ պատրիարք դառնալու մեր բախտերը կամ այլ եսակեդրոն մտադրութիւններ։ Եթէ ձեր ակնարկած այդ երեւելի ու ազդեցիկ պատասխանատուները այդպիսի սայթաքումի մը մէջ են, ապա մեզի կը մնայ աղօթել անոնց համար, որպէսզի Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ անոնք իրենց խղճին ձայնը լսեն։

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք պատրիարք ընտրուելու ձեր առիթները, մանաւանդ, որ կը խօսուի այն մասին, թէ համայնքի աշխարհականներու մէջ այնքան ալ նօսր չէ ձեր համակիրներուն թիւը։

-Ով որ պիտի դառնայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը՝ իր ընտրութիւնը պիտի ըլլայ Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի կամքով։ Մենք գիտենք, թէ մեր համայնքէն ներս ինչ ներուժ ունինք եւ այդ ներուժը ինչ հեռանկարներ կրնայ ստեղծել մեր առջեւ։ Մենք մեր հոգեւոր սպասաւորութեան տասնամեակներու տեւողութեան երբեք մեր եկեղեցւոյ, մեր համայնքի զաւակները չենք դիտարկած որպէս քանակ։ Մեր ժողովուրդի զաւակները նոյնինքն կը հանդիսանան մեր ծառայութեան, հոգեւոր սպասաւորութեան դաշտը։ Ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս մեր յանձնառութիւններու ընդարձակ տարածքը թոյլ չի տար, որ մեր զաւակները դիտարկենք որպէս քանակ։ Հետեւաբար, մեր տեսանկիւնէն հաշտ մօտեցում մը չէ այդ նօսրութիւնը։ Պատրիարքական ընտրութեան փուլին մենք չենք պատրաստուիր մեր համայնքի զաւակները դասաւորել կամ պիտակաւորել՝ որպէս մեր համակիրները կամ մեր հակակիրները։ Անցեալ շուրջ տասն տարիներու ծանր լուծը կրելու ժամանակ մենք միշտ դէմ եղած ենք մեր համայնքէն ներս բեւեռացումներու եւ պառակտումներու։ Հետեւաբար, պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին մենք չենք կրնար հեռանալ այդ մօտեցումէն ու չենք կրնար նման սխալներու մէջ իյնալ։ Մեր համայնքը արդէն բաւական փոքրացած է։ Մենք այդ փոքր մարդուժով մեծ ժառանգութիւն մը տեւականացնելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Հետեւաբար, պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին նօսրութեան կամ խտութեան հաշուարկներ ընելը յաջորդ քայլափոխին կրնայ աններելի սխալի մը վերածուիլ։ Մենք, համակրանքի խնդիրներէ անկախ, մեր համայնքի բոլոր զաւակները կը նկատենք հարազատ եւ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին կը վստահինք անոնց հաւաքական մտքի դատողութեան։ Մեր համայնքի բոլոր անդամները մեզի համար յարգելի ու սիրելի են՝ իրենց մօտեցումներով, սեփական աշխարհահայեացքով եւ նախընտրութիւններով։ Հետեւաբար, երբ հասնի օրն ու ժամը, մենք արդէն կը տեսնենք, թէ ինչ վերաբերմունք կայ համայնքին մէջ պատրիարքական թեկնածուներուն նկատմամբ։ Մինչեւ այդ օրը մենք պիտի համբերենք ու պիտի ջանանք մեր հայրական պատգամը հասցնել մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն, որպէսզի անոնք Տիրոջ առաջնորդութեամբ փութան քուէատուփի մօտ։ Անոնց քուէները այս կամ այն թեկնածուի նկատմամբ համակրանքէ կամ հակակրանքէ անդին պիտի ունենայ առաջին հերթին մեր սրբութիւններուն տէր կանգնելու կամքին նշանակութիւնը։

-Աշխատանք կը տանի՞ք պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ եւ այդ առումով, ի՞նչ են ձեր առաջնահերթութիւնները։

-Յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութիւնը մեր համայնքին տեսակէտէ ճակատագրական նշանակութիւն մը պիտի ունենայ։ Անշուշտ, իւրաքանչիւր գահակալի փոփոխութիւնը մեր Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ նոր հանգրուան մը կը նշանակէ։ Բայց, այսօրուան պարագան այդքանով սահմանափակուած չէ։ Թրքահայութիւնը, ընդհանրապէս, անցումային շրջանի մը մէջ կը գտնուի։ Մեր հաստատութիւններու ղեկավարման դրութիւնը մեր համայնքի հաւաքական հարստութեան արդիւնաւէտութիւնն ու արժեւորման մտայնութիւնը այսօր կը հարցաքննուին բազմակողմանիօրէն։ Մեր հաստատութիւններու ղեկավարութիւններէն ներս սերնդափոխութեան խնդիրը դարձեալ մեր օրակարգին վրայ է։ Տակաւին կրնանք խօսիլ պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ դժուարութիւններուն եւ բարեփոխման անհրաժեշտութիւններուն շուրջ։ Մեր նոր սերունդը կարիք ունի խնամքի։ Երիտասարդութեան նկատմամբ ցուցաբերուելիք հոգածութենէն կախում պիտի ունենայ մեր ապագան։ Թրքահայ նոր սերունդի ժառանգելիք ինքնութիւնը, հայեցի դաստիարակութիւնը եւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին ներգրաւուածութիւնը այսօր մեր հիմնական առաջնահերթութիւնները կը հանդիսանան։ Հետեւաբար, մենք զուտ պատրիարք ընտրուելու համար ինքնանպատակ առաջնահերթութիւններ չունինք։ Մենք նախապատուութիւն կ՚ընծայենք ուրիշ վարուելակերպի մը։ Պատրիարքական ընտրութիւնը վերոյիշեալ բոլոր խնդիրներուն համար հաւաքական մտային վարժանքի մը առիթը պէտք է դառնայ մեր համայնքէն ներս։ Եթէ մենք կարենանք ընտրութենէն առաջ այսպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել եւ եթէ մեր ժողովուրդին հնարաւորութիւն ընձեռենք այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ նախընտրութիւն մը ընելու, ապա կասկածէ դուրս է, որ մեր 85-րդ պատրիարքը պիտի ըլլայ իսկապէս ամուր եւ իր նախաձեռնութիւններու ճանապարհին պիտի վայելէ իր հօտին զօրակցութիւնը եւ սա պիտի ըլլայ հաւաքական յաջողութեան մը գրաւականը։

Չմոռնանք, որ մենք քաղաքական ընտրութիւններու չենք պատրաստուիր։ Այո՛, մեր եկեղեցին ժողովրդավարական է, այո՛, մեր ժողովուրդը պիտի քուէարկէ, սակայն պատրիարքի մը ընտրութեան պարագան ունի իր առանձնայատկութիւնները, մանաւանդ իր խորհուրդը։ Անձերու մրցակցութեան եւ խումբերու ազդեցութեան պայքարի նեղ շրջանակին մէջ չենք կրնար պատկերացնել այս ընտրութիւնը։ Սա աններելի մեղք մը կ՚ըլլայ մեր պատմութեան ու մեր ժողովուրդին առջեւ։ Հետեւաբար, մենք հակուած ենք խօսելու մեր տեսլականին մասին եւ հակուած ենք տեսլականի մը շուրջ մարդիկ համախմբելու։ Այս սկզբունքները պիտի ըլլան մեր առաջնահերթութիւնները յառաջիկայ ամիսներուն։

-Նախընտրական այս փուլին ի՞նչ պիտի ուզէիք ըսել Պոլսոյ համայնքին, նաեւ սփիւռքի ու Հայաստանի հասարակութեանց, մանաւանդ, որ կարծես ձեր եւ սփիւռքի ու Հայաստանի հայութեան միջեւ անհասկացողութեան խնդիր մը գոյութիւն ունի։

-Մենք Պոլսոյ մեր համայնքին, մեր սիրեցեալ զաւակներուն մեր պատգամը փոխանցելու որեւէ դժուարութիւն կամ սահմանափակում չունինք։ Մենք միշտ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը քարոզենք եւ մեր համայնքային մամուլը արդէն միշտ կ՚անդրադառնայ մեր պատգամին։ Կը կարծենք, թէ «Արեւելք»ի հարթակը պէտք է օգտագործենք աւելի Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր հարազատներուն խօսք ուղղելու նպատակով։ Մենք համոզուած չենք, որ անհասկացողութեան խնդիր մը ունինք հայութեան հետ։ Մենք չէինք կրնար անցեալ շուրջ տասն տարիներու անցումային շրջանին ամբոխավարութեամբ առաջնորդուիլ՝ անտեսելով Պատրիարքական Աթոռի տեսակէտէ կենսական պատասխանատուութիւնները, փորձելով հաճոյանալ կարգ մը սահմանափակ շրջանակներու։ Ու մենք լաւ գիտենք, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մարդիկ ընդհանրապէս մեզի նկատմամբ դիրքաւորուած են՝ գիտակցելով մեր պատասխանատուութիւններէն բխած հանգամանքները։ Դժբախտաբար, մեզի դէմ անհասկացողութեան խնդիրներու մէջ մտած մարդիկ կամ սահմանափակ շրջանակները իրականութեան մէջ իրենք անհաղորդ են թրքահայ իրականութեամբ։ Մենք բոլորին նկատմամբ հայրական հանդուրժողութեամբ կը վերաբերուինք։ Այս բոլորին մէջ մեզի համար առաւել տխուր եղած է հետեւեալը. Պոլսոյ մէջ շահադիտական նկրտումներով, նեղ շրջանակի հաշուարկներով մեզի դէմ տրամադրուած, մեր վրայ յարձակած շրջանակները փորձած են Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ յատուկ արշաւներ կազմակերպել, լրատուամիջոցներու վրայ ազդել՝ թունաւորելու համար մեր յարաբերութիւնները հայաշխարհի ընդհանուրին հետ։ Այս բոլորը բաղձալի չեն, սակայն հաւաքական կեանքի մէջ միշտ ալ կրնան պատահիլ։ Այժմու իրավիճակով, մենք հակուած չենք որեւէ երեւոյթ, իրադարձութիւն արժեւորել մօտաւոր անցեալի եղելութիւններու ազդեցութեամբ։ Մենք լաւ կը ճանչնանք Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդը։ Խօսքը ի վերջոյ աշխարհացրիւ հայութեան մասին է, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն մասին է։ Մեզի համար անընդունելի, նոյնիսկ մերժելի է, որ կանխակալ կարծիքներով, արհեստական պատճառներով առաջ քշուին անհասկացողութեան պատրուակներ։ Կը ջանանք ծայր աստիճան ուշադիր ըլլալ այդպիսի ծուղակներէ հեռու մնալու համար։

-Եթէ պատրիարք ընտրուիք, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր առաջին ընելիքը եւ արդեօք, որպէս պատրիարքական գործունէութիւն, որեւէ նախագիծ-ծրագիր մշակած է՞ք։

-Ինչպէս ըսինք քիչ առաջ, սա քաղաքական ընտրութիւն մը չէ։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ, մեր դարաւոր Աթոռէն ներս պատրիարքին վիճակած առաքելութիւնը արդէն յայտնի է ու կարծես, թէ ճշդուած է ի վերուստ։ Պատրիարքը պիտի հովուէ իր հօտը։ Այդ հովուութիւնը անշուշտ ժամանակներու եւ պարագաներու բերումով կրնայ նոր պահանջներ ստեղծել կամ նոր մտայնութիւնով մը առաջնորդուելու հրամայականը բերել։ Այս բոլորը կրնան ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, այս հաւանականութիւնները պատճառ չեն կրնար ըլլալ, որ քաղաքական ընտրութեան մը նման խոստումներու արշաւի մը մէջ մտնենք եւ յաջորդ քայլափոխին ալ այդ բոլոր խոստումները օդի մէջ մնան։ Եկեղեցականը, պատրիարքը բարոյական կերպար մըն է մեր ժողովուրդին առջեւ։ Հետեւաբար, պատրիարքական ընտրութեան նախորդած շրջանին մենք պէտք է ամենայն անկեղծութեամբ խօսինք մեր ժողովուրդին հետ։ Մենք գիտենք, որ առաջնորդ մը առանձին երբեք չի կրնար խնդիր լուծել։ Սա ի զօրու է նաեւ Պոլսոյ պատրիարքի պարագային։ Մենք պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պիտի վերածենք առիթի մը, պէտք է վերածենք առիթի մը, որպէսզի մեր ժողովուրդը շարժման անցնի, ունենանք ազգային-եկեղեցական մեր կեանքին ներգրաւելիք նոր երիտասարդներու զանգուած մը, ինչ որ մեր բազում խնդիրներու լուծման առջեւ ճանապարհ կրնայ հարթել ու գերիվեր կ՚ըլլայ ամէն տեսակ ծրագրէ կամ նախագծէ։ Ինչպէս ըսինք, այստեղ մեր ժողովուրդը տեսլականի մը շուրջ համախմբելու հրամայականը կայ, իսկ այդ տեսլականի մասին ալ քիչ առաջ խօսեցանք համառօտ ձեւով։

-Ի՞նչ են արդար ընտրութիւն կայացնելու գլխաւոր տարրերը. արդեօք այսօր Պոլսոյ մէջ արդար ընտրութիւններ կայացնելու գետին ստեղծուա՞ծ է։

-Արդար ընտրութիւն մը իրականացնելու գլխաւոր տարրերը կրնան մեկնաբանուիլ՝ ըստ տուեալ ընտրութեան բնոյթին։ Ինչպէս ըսինք, մեր օրակարգին վրայ է հոգեւոր առաջնորդ մը ընտրելու հարցը, թէեւ այդ հոգեւոր առաջնորդը պատմական աւանդութիւններու ազդեցութեամբ ատեն-ատեն կը խաղայ ազգապետի դեր։ Յամենայնդէպս, Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու արդարութեան նախապայմանը մեր ժողովուրդի առաւել լայն համեմատութեամբ քուէարկութեան մասնակցիլն է։ Մենք միշտ դիտարկած ենք, որ մեր ժողովուրդը իր հաւաքական մտքով, իր փորձառութեամբ ու դատողութեամբ միշտ լաւագոյն լուծումները կը գտնէ։

Իսկ ինչո՞ւ արդար ընտրութիւններ կատարելու գետին մը ստեղծուած չըլլայ։ Նախաձեռնարկ մարմինն ալ արդէն այս բանին համար գոյութիւն ունի։ Եթէ արհեստական միջամտութիւններ, մեր աւանդութիւններուն ներհակ ուղղորդումներ չըլլան, ապա արդէն պատրիարքական ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենայ արդար ձեւով։ Այժմ բաւարար հիմքեր կամ պատճառներ գոյութիւն չունի պատրիարքական ընտրութեան արդարութեան տեսակէտէ կասկածի մատնուելու համար։ Մենք պատմականօրէն բազում անարդարութիւններու ենթարկուած ժողովուրդ մըն ենք ու մեր իսկ ձեռքով մեզի համար նոր անարդարութիւններ ստեղծելու կարիքը երբեք չունինք։

-Տարբեր առիթներով ըսուած է, որ Տ. Արամ Սրբազան շատ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունի Անգարայի եւ Թուրքիոյ ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնատարներուն հետ։ Այսօր ալ այդպէ՞ս է, իսկ ընդհանրապէս Անգարան ի՞նչ տեսակէտ ունի նոր պատրիարքի ընտրութեան խնդրով։ Մէկ խօսքով՝ Անգարա նախասիրութիւններ ունի՞։

-Վերջին շուրջ տասն տարիներուն գործնականօրէն մենք ստանձնած էինք Պատրիարքական Աթոռի ղեկը։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ մենք ներկայացուցինք մեր պատրիարքութիւնը։ Միջեկեղեցական ոլորտէն սկսեալ, մինչեւ պետութեան հետ յարաբերութիւնները՝ փորձեցինք ամէն գետնի վրայ լաւագոյնս ներկայացնել մեր Աթոռը։ Այդ ընթացքին անխուսափելիօրէն աշխատեցանք եւ սերտօրէն համագործակցեցանք պետական մարմիններուն, մեր երկրի ղեկավարութեան հետ։ Սա է այն պարզ պատճառը, որու բերումով կ՚ըսուի այդ բոլորը։ Մենք միշտ եղած ենք այն գիտակցութեան մէջ, թէ մեզի նկատմամբ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքը իրականութեան մէջ մեր Աթոռին ու մեր համայնքին նկատմամբ կը ցուցաբերուի։ Փորձած ենք մեր Աթոռի եւ համայնքի շահերուն տեսակէտէ առաւելագոյնը ընել ու Թուրքիոյ իշխանութիւններն ալ բարի եղած են ընդառաջել մեր դրական ակնկալութիւններուն։

Այսօր մենք տարբեր կարգավիճակ մը ունինք, հետեւաբար մեր յարաբերութիւններուն բնոյթը, մեզի նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը բնականաբար չի կրնար անցեալի նման ըլլալ։ Այստեղ մեր տեսակէտէ խնդրայարոյց կամ ողբերգական ոչինչ կայ։ Թուրքիոյ պետական իշխանութիւնները պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին կը հետեւին մօտէն՝ զանազան ազդակներու բերումով։ Պետութիւնը լուրջ գործօն մըն է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Նոր ընտրուելիք պատրիարքի վաւերականութեան, օրինականութեան եւ լիարժէք գործելու ապագայ հնարաւորութիւններուն տեսակէտէ, իր ներկայացուցչական հանգամանքի երաշխաւորման տեսակէտէ պետութեան վերաբերմունքը շատ կենսական է։ Եթէ պատրիարքը պետութեան կողմէ երկխօս չհամարուի, ապա դատապարտուած կ՚ըլլայ իր առաքելութեան մէջ ձախողելու։ Ուստի, պետութիւնն ալ ընտրութեան գործընթացին ներգրաւուած կ՚ըլլայ, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին գահ բարձրանալիք պատրիարքը իր չափանիշներուն տեսակէտէ ընդունելի անձ մը ըլլայ։ Բայց եւ այնպէս, այս բոլորը չի նշանակեր, որ պետութեան նախընտրութիւնները անձերու վրայով կը դրսեւորուին։ Ո՛չ, այդպէս չէ։ Պետութեան նախասիրութիւնները համակարգի առողջ գործելուն, ընտրութեան օրինականութեան երաշխաւորման նիւթերուն կը վերաբերի։ Մնացեալ խօսակցութիւնները, պատմական փորձը մեզի ցոյց կու տայ, որ քարոզչական բնոյթ ունի։ Մեր անձի պարագային կատարուած վերագրումներն ալ մենք կը դասենք նոյն ծիրին մէջ։

-Դուք ձեզ Անգարայի կողմէ ընդունուած թեկնածու կը համարէ՞ք։

-Մենք կը կարծենք, թէ նախորդ հարցման պատասխանին մէջ արդէն կայ նաեւ այս հարցին պատասխանը։ Մենք մեզ որեւէ կողմի համար ընդունելի կամ անընդունելի թեկնածու չենք համարեր։ Նախ, ընտրութիւնը պիտի կատարուի մեր ժողովուրդին կողմէ, ուստի մենք պէտք է ժողովուրդին հետ աշխատելու տրամադրուինք։ Երկրորդ, բացարձակապէս վնասակար կը համարենք թեկնածութիւններու հաշուարկներով, անձնական ակնկալութիւններով, քարոզչական նպատակով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ ներքաշել պետութիւնը կամ այդպիսի թիւր տպաւորութիւն մը ստեղծել յաչս մեր ժողովուրդին։

-Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին որեւէ դեր վերապահուա՞ծ է եւ ի՞նչ է այդ դերը։

-Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնն է։ Մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ամէն տեսակ իրադարձութիւն, ամէն տեսակ խնդիր բնականաբար ենթակայ կ՚ըլլան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անմիջական ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովանին տարածուած է համայն հայութեան հոգեւոր ու ազգային կեանքին վրայ։ Առանց այդ հովանիին մենք չենք կրնար գոյատեւել։

Պոլսոյ պատրիարքի թեկնածու կ՚ըլլան Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսապետը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն է։ Այս բոլորը անվիճելի հանգամանքներ են, որոնք ինքնաբերաբար կը բիւրեղացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անմիջական ուշադրութեան տրամաբանութիւնը։ Ինչպէս պիտի յիշուի, ներկայ տարեմուտին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Անգարա ուղարկած էր իր ներկայացուցիչները՝ փոխանցելու համար իր դրական պատգամը, որ շատ շինիչ մօտեցում մը կը ցոլացնէր եւ յատկապէս կ՚ընդգծուէր, որ միջամտութեան տրամադրութիւններ գոյութիւն չունէին։

Թէեւ մենք մեզ կը կոչենք Աստուծոյ փոքր ածուն, սակայն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան դրուածքը իրականութեան մէջ բաւական բարդ է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ալ այդ ամբողջին մէջ ունի իր առանձնայատուկ տեղը։ Շատ ընդհանրացած բանաձեւումով՝ Պոլսոյ Աթոռը ի հոգեւորս կապուած է Սուրբ Էջմիածնին, սակայն վարչականօրէն ինքնավար է։ Այս բանաձեւումը ինքնին կու գայ սահմանել նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դերակատարութիւնը։ Մեր բոլոր եպիսկոպոսները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան են, սակայն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վարչական ինքնավարութիւնը մեզի կը պարտադրէ, որ մեր տեղական ուժերով լուծում մը գտնենք մեր վարչական խնդիրներուն։

Մեր այժմու Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շուրջ 20-ամեայ իր գահակալութեան ընթացքին նուիրապետական աթոռներու վերաբերեալ գործերու պարագային եղած է շատ նրբանկատ, հեռատես եւ շինիչ։ Մենք միշտ կը զգանք իր օրհնութիւնը, կ՚ունկնդրենք իր յորդորները, մեզի հետ կը բաժնէ իր դիտարկումները ու մենք բոլորս բնական յարգանք մը եւ երկիւղ մը ունինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր գահակալին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ։ Այս բոլորը արդէն բաւարար են, որպէսզի մենք առաջնորդուինք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը պայծառ պահելու ջանքերով եւ զգանք պատասխանատուութիւն։ Կարճ խօսքով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դերակատարութիւնը այս գործընթացին մէջ զուտ բարոյական է եւ այդքանը պատմութեան ընթացքին միշտ բաւարար եղած է, որպէսզի մենք տեղական մեր առանձնայատկութիւններով վարենք մեր գործերը ու միշտ վայելենք Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնն ու հովանին։

-Շնորհակալութիւն

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2019