ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս շաբաթավերջին պիտի տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները ժամադրուած են Սոչիի մէջ։ Գագաթնային հանդիպման ընդառաջ նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Այս առթիւ Քալըն տեղեկացուց, որ Փութին Էրտողանին փափաք յայտնած է՝ թրքական «Պայրաքթար» հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր ձեռք բերելու ուղղութեամբ։ Քալընի խօսքով՝ Փութին յայտնած է, որ եթէ Թուրքիա այդ անօդաչուները կը տրամադրէ Ուքրայնային, ապա Ռուսաստանն ալ կը փափաքի ձեռք բերել անոնցմէ։ «Մեր նախագահը ժպտած է», ըսաւ Քալըն։
Անդրադառնալով Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին՝ Քալըն շեշտեց, որ սա համատարած մտահոգութեան պատճառ դարձած է։ Երկու կողմն ալ պիտի կորսնցնէ այս պատերազմը, որ ամբողջ աշխարհի վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի գործէ։ Պատերազմը աշխարհի վրայ շատ բան կը պայմանաւորէ՝ սկսելով ուժանիւթէն, մինչեւ սննդամթերքի գիները։ Քալըն անդրադարձաւ նաեւ այն երկիրներուն, որոնք Ռուսաստանի դէմ իրենց դիրքորուշումը հետզհետէ կը խստացնեն եւ կամ իրադարձութիւններուն կը հետեւին վերապահութեամբ։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Այս պատերազմի սկսած առաջին իսկ օրէն ի վեր մեծ ջանք գործադրեցինք՝ պատերազմին վերջ տալու, բախումները կասեցնելու եւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն փութով, առանց նախապայմաններու սկիզբ մը տալու համար։ Մեր նախագահի գլխաւորութեամբ այս ջանքերը կը շարունակենք»։
Հացահատիկի Սեւ ծովու միջոցաւ տեղափոխման համաձայնութեան շուրջ խորհրդածութիւններ ընելէ վերջ, Սոչիի ժամադրութեան ընդառաջ Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ Փութինի՝ Թուրքիայէն հարուածային անօդաչուներ ձեռք բերելու ուղղեալ արտայայտութիւններուն նախագահ Էրտողան պատասխանած է ժպտալով։ Իր խօսքով՝ ղեկավարներու միջեւ կրնան պատահիլ այսպիսի խօսակցութիւններ։ Էրտողան որեւէ խոստում չէ տուած։ «Պարոն Փութինն ալ նկատած է մեր դիրքորոշումը։ Մենք Ռուսաստանի դէմ շրջափակում չենք գործադրեր։ Մեր յարաբերութիւնները կը տեւականացնենք։ Միւս կողմէ, կը ճանչնանք նաեւ Ուքրայնայի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը։ Այս առումով կը շարունակենք աջակցիլ Ուքրայնային։ Մենք այս բանը չենք ըներ պատերազմը հրահրելու կամ երկարելու համար, ընդհակառակն այս բանը կ՚ընենք պատերազմի վերջանալուն համար», ըսաւ Քալըն։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը մեկնաբանեց նաեւ Ռուսաստանի կողմէ դէպի Եւրոպա կազի մատակարարումներու դադրեցման ուղղեալ քայլերը։ Իր խօսքով՝ այս կէտէն սկսեալ կայ երկու այլընտրանք, որոնցմէ մին է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համատեղ ծրագիրը՝ TANAP-ը։ Քալըն յիշեցուց, որ անցեալին ալ այլընտրանքային ծրագիրները կեանքի կոչել կարելի չէ եղած՝ «Նապուքքօ»ի գլխաւորութեամբ։ «Մեր պարոն նախագահը Ալիեւի հետ խօսեցաւ։ Սա է ռազմավարական տեսանկիւնը։ Էրտողան ըսաւ, որ այստեղ յառաջացած պարապութիւնը մենք պէտք է անմիջապէս լրացնենք։ Հակառակ Ռուսաստանին, TANAP-ը կառուցուած է։ TANAP-ը ամբողջութեամբ Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնով կառուցուած է։ Որեւէ տեղէ աջակցութիւն չէ ստացուած, գանձատրում չէ ապահովուած, երրորդ կամ չորրորդ երկիրներ չեն ներառնուած», ըսաւ ան։