«ԹԷ՛ ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ԹԷ ԿԱՐԳԱԽՕՍ»

Երեւանի Նկարիչներու տան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Արուեստն առանց սահմաններու» խորագրեալ միջազգային ցուցահանդէս մը։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան այս նախաձեռնութեան նպատակն էր զանազան երկիրներէ արուեստագէտներու միջեւ ստեղծել միասնական եւ բարեկամական հարթակներ։ Նախագիծը կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան եւ փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան։ Այս վերջինը շեշտեց, որ ցուցահանդէսին խորագիրը ո՛չ միայն ծրագրի անունն է, այլեւ՝ կարգախօսն է, որովհետեւ որեւէ արուեստ չի կրնար որեւէ սահման ճանչնալ։

Հարկ է նշել, որ այս միջազգային ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան կլոր սեղաններ, զանազան քննարկումներ եւ դասախօսութիւններ, որոնք փորձառութեան փոխանակման հնարաւորութիւն ընձեռեցին՝ մինչ հիւր արուեստագէտները ներկայացուցին իրենց երկիրները, մշակութային կեանքով ու սովորութիւններով հանդերձ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2024