ԽՈՐ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼ
«Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի Թեհրանի մէջ սպանութեան դէպքին արձագանգները կը շարունակուին։ Միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը յանկարծ շեղուած է այս մահափորձին վրայ՝ մինչ մտահոգութիւնները կը խորանան տարածաշրջանէն ներս պատերազմի ընդլայնման հաւանականութեան բերումով։ Իրանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդէս կու գայ Իսրայէլէն վրէժ լուծելու երդումներով, մինչ Թեհրանի փողոցներուն մէջ մեծ ցոյցեր տեղի կ՚ունենան Հանիյէին հրաժեշտ տալու համար։
Բաց աստի, Իրան Հանիյէի դէմ կատարուած մահափորձէն վերջ, պահանջած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի նիստի մը կազմակերպումը։ Այս ուղղութեամբ նամակ մըն ալ ուղարկուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։
Իսրայէլի կողմէ մահափորձով մը Հանիյէի սպանութեան զուգահեռ՝ բոլորին ուշադրութիւնը հերթական անգամ ուղղուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վրայ։ Ուաշինկթըն այս փուլին ալ չափաւոր մօտեցումով մը կը ջանայ հնարաւորինս խնայել Թել Աւիւը։ Թէ՛ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ թէ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեցին, որ բոլոր ջանքերը կը գործադրուին Մերձաւոր Արեւելքէ ներս լայնածաւալ հակամարտութենէ մը խուսափելու համար։ Յամենայնդէպս, Փենթակոնի ղեկավարը նշեց, որ ԱՄՆ հաւանական յարձակումի մը պարագային կը պաշտպանէ Իսրայէլը։