ՇԱՐԼ ՄԻՇԷԼ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻՆ՝ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵԼՈՎ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍՑՆԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ
Եւրոմիութեան նախագահ Շարլ Միշէլ նամակներ ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ կոչ ուղղելով աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագիրը։ «Փոլիթիքօ»ի հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Շարլ Միշէլ այս նամակները ուղարկած էր՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջերս ունեցած հանդիպումներուն հիման վրայ։ Այսպէս, այդ տեսակցութիւնները տեղի ունեցած էին Լոնտոնի մէջ, Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։ Ուստի, Միշէլ այժմ կը փորձէ նպաստել՝ կողմերու միջեւ հաշտութեան բանակցութիւններու վերաշխուժացման։
Երկու բարձրաստիճան դիւանագէտներ «Փոլիթիքօ»ին հետ զրուցելու ժամանակ յայտնած են այս նամակներուն մասին։ Շարլ Միշէլ կը վերսկսի Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը, որովհետեւ պատերազմէն տուժած տարածաշրջանէն ներս լարուածութիւնը կը մեծնայ։ Նոյն նամակին մէջ Շարլ Միշէլ կոչ ուղղած է, որպէսզի կողմերը վերադառնան բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ աւարտին հասցնեն խաղաղութեան համաձայնագիրը՝ յառաջընթաց արձանագրելով տակաւին չլուծուած հարցերուն մէջ։ Այդ խնդիրներու շարքին տրուած է սահմանազատման օրինակը։
Պրիւքէսլի մէջ հիասթափութիւնը կը խորանայ, որովհետեւ ամիսներ տեւած ձգձգումներն ու դիւանագիտական փակուղին խոչընդոտած են՝ երկար սպասուած զինադադարի իրականութիւն դառնալը։ Հակառակ Միշէլի հետ հանդիպումներուն՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ չկարողացան հնարաւորութիւն գտնել բանակցային սեղանի շուրջ նստելու համար՝ զիրար մեղադրելով առճակատման մէջ։
Ըստ նոյն աղբիւրին, Երեւանն ու Պաքուն ի վերջոյ պէտք է դադրին խաղեր խաղալէ ու կնքեն ենթադրեալ համաձայնագիրը, որովհետեւ Միշէլ ԵՄ-ի ուժերու սահմաններէն ներս հնարաւոր ամէն ինչ ըրած է՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը ապահովելու համար։
Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը անդրադարձաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս նախընթաց օր սահմանին վրայ տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման։ Եւրոպացի դիւանագէտը համոզուած է, թէ յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի հանդիպումը կարեւոր տարր մը կը համարուի՝ առաւել կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ։ Քլաար յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումը որակած է կարեւոր եւ տարածաշրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման տեսակէտէ էական տարր համարած է՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ հաղորդակցութիւններու վերաբացումը։
Բաց աստի, Մոսկուան ալ հերթական անգամ Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղեց՝ զերծ մնալ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ եւ գտնել փոխադարձ ընդունելի լուծումներ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի փոխ-տնօրէն Անտրէյ Նաստասին համոզուած է, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան մագլցումներէ խուսափելու համար զգուշութիւն պէտք է ցուցաբերեն, ռազմատենչ հռետորաբանութենէ պէտք է խուսափին եւ իրենց ջանքերը պէտք է կեդրոնացնեն՝ գտնելու համար փոխադարձ ընդունելի լուծումներ, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ու զարգացման։ Նաստասի աւելցուց, որ Ռուսաստան հանդէս կու գայ վիճայարոյց բոլոր հարցերու ուղղման ի նպաստ՝ բացառապէս քաղաքական-դիւանգիտական ճանապարհով։ Ան այս առումով ճանապարհային քարտէս համարեց Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքի եռակողմանի յայտարարութիւնները։