ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին մի­ջեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ստո­րագ­րուե­ցաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը այս փաս­տա­թուղ­թը հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ ստո­րագ­րե­ցին կազ­մա­կեր­պուած ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս այս փաս­տա­թուղ­թի ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան զու­գա­հեռ՝ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան հան­դէս ե­կաւ դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը։

Այս առ­թիւ ան ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րու մեծ խումբ մը ձե­ւա­ւո­րած է հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Մու­րա­տեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայ­տեց իր գլխա­ւո­րած նա­խա­րա­րու­թեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը։ Ըստ Մու­րա­տեա­նին, այդ աշ­խա­տանք­նե­րը յե­նա­րան մը կը հան­դի­սա­նան նաեւ ի­րենց հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ նա­խընտ­րուած ո­ճը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ մի­ջազ­գա­յին բո­լոր չա­փա­նիշ­նե­րուն։ Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան բո­լոր ծրագ­րե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ հա­մալ­սա­րա­նը կը ձգտի ու­նե­նալ մի­ջազ­գա­յին բարձր գնա­հա­տա­կան­ներ ու միայն ա­ւե­լի վերջ ի­րա­կա­նաց­նել այդ բո­լո­րը։

«Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը. խնդիր­ներ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ» նիւ­թին ձօ­նուած դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին Ար­մէն Մու­րա­տեան հե­տաքրքրա­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով եւ դի­տար­կում­նե­րով հան­դէս ե­կաւ բնա­գա­ւա­ռի մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մար։ Ան ծա­նօ­թա­ցուց այս տա­րուան զա­նա­զան ծրագ­րե­րու նպա­տակ­նե­րը։ Նա­խա­րա­րը այս ամ­բող­ջին մէջ յատ­կա­պէս ա­ռանձ­նա­ցուց հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ու վե­րահսկ­ման ուղ­ղեալ ծրա­գի­րը, ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս ար­դէն կա­տա­րուած է 300 հա­զար հե­տա­զօ­տու­թիւն։ Ար­մէն Մու­րա­տեան կա­րե­ւո­րեց նաեւ սրտի ան­յե­տաձ­գե­լի վի­րա­հա­տու­թեան ծրա­գի­րը, ո­րուն շրջագ­ծով ալ ար­դէն կա­տա­րուած է ա­ւե­լի քան հա­զար վի­րա­հա­տու­թիւն։

Դա­սա­խօ­սու­թեան ա­ւար­տին Ար­մէն Մու­րա­տեա­նին շնոր­հուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ֆա­քիւլ­թէի խոր­հուր­դի պա­տուոյ ան­դա­մի կո­չու­մը։

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015