ՀԵՆՐԻԿ ԷԴՈՅԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րէն բա­նաս­տեղծ, գրա­կա­նա­գէտ ու թարգ­մա­նիչ Հեն­րիկ Է­դո­յեան այս օ­րե­րուն կը նշէ իր ծննդեան 75-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան 75-րդ տա­րե­դար­ձին կա­պակ­ցու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կած է Հեն­րիկ Է­դո­յեա­նին։

«Դուք ժա­մա­նա­կա­կից հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ինք­նա­տիպ դէմ­քե­րէն մին էք, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ձեր նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դը ներդ­րած էք մեր թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան եւ գրա­կա­նա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ։ Ձե­զի կը մաղ­թենք քա­ջա­ռող­ջու­թիւն, եր­ջա­նիկ կեանք, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նոր ձեռք­բե­րում­ներ», նշուած է Սերժ Սարգ­սեա­նի շնոր­հա­ւո­րա­կա­նին մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015