ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սէրկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամէտեարով բանակցութիւններու ընթացքին կը շօշափեն Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն եւ անոնց վերաբերեալ բազմակողմանի օրակարգին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերը։ Երկու նախարարները նկատի կ՚ունենան նաեւ տարածքաշրջանի ներկայ իրավիճակը։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Կողմերը կը քննարկեն Ռուսաստանի դերակատարութիւնը հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացէն ներս։
Պաքուի քաղաքական շրջանակները կը տեղեկացնեն, որ Լաւրով-Մամէտեարով բանակցութիւններու առանցքային նիւթը պիտի հանդիասանայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Երկու նախարարները մօտաւոր անցեալին ալ Մոսկուայի մէջ քննարկած էին՝ բանակցային գործընթացը փակուղիէ դուրս բերելու հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները։ Հետեւաբար, հաւանական է, որ Պաքուի մէջ շարունակուին այդ քննարկումները։
Բաց աստի, դիւանագիտական մեկնաբաններու համոզմամբ, Պաքու եւ Մոսկուա քննարկելու բազում նիւթեր ունին այս հանգրուանին։ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած միջազգային համաձայնութենէն վերջ իրավիճակը շատ արագ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի տարածքաշրջանէն ներս։ Մոսկուա մտադիր է յստակ հասկնալ Պաքուի դիրքորոշումը՝ Թեհրանի հետ յարաբերութիւններու հարցին մէջ։ Եթէ ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններուն մէջ Պաքու առաջին հերթին կը հետաքրքրուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրով, ապա Ռուսաստան նախ եւ առաջ հետաքրքրուած է Ատրպէյճանի ուժանիւթային քաղաքականութեամբ։ Արդարեւ, երկու երկիրները մնացեալ բոլոր բնագաւառներէն աւելի տարաձայնութիւններ ունին այս ոլորտին շուրջ։
Ռուսական կողմը ուշադրութեամբ հետեւած է նաեւ վերջին օրերուն Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։ Արդարեւ, այս եռակողմանի բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած է Թիւրքմենիստանի բնական կազը Ատրպէյճանի տարածքով Եւրոպա հասցնելու խնդիրը։ Այս վարկածը չի բխիր Ռուսաստանի շահերէն, որովհետեւ գոնէ տեսականօրէն կը նուազեցնէ եւրոպական երկիրներուն կախ-ւածութիւնը «Կազփրոմ»էն։
Ռուսաստան-Ատրպէյճան շփումները վերջին տարիներուն աշխուժացած են զգալիօրէն։ Իսկ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները այ-սօր արդէն հասած են ռազմավարական համագործակցութեան մակարդակին։ Բազմաթիւ ռուս մասնագէտներ համոզուած են, որ Մոսկուայի տեսակէտէ Հարաւային Կովկասէ ներս կարեւորութեան առումով թիւ մէկ երկիրը այսօր կը հանդիսանայ Ատրպէյճան։
Մինչ այդ, Լաւրովի Պաքու այցելութիւնը անմիջապէս կը յաջորդէ հրապարակուած այն տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց ամենայն հաւանականութեամբ 2017 թուականին Ռուսաստան սկսի Ատրպէյճանի տարածքէն ներս կառուցել ռատիօտեղորոշիչ կայան մը։ Սա պիտի ըլլայ «Վորոնէժ» տիպի ռազմակայան մը, որու նմանները նախատեսուած են պալիսթիք եւ թեւաւոր հրթիռներու համար։ Այդ կայաններուն միջոցաւ կարելի է օդին մէջ վերահսկել նոյնաժամանակ հինգ հարիւր առարկայ։
ՓՈՒԹԻՆԻ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ վաղը երկօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Փեքին, ուր պիտի հիւրընկալուի Չինաստանի Նախագահ Սի Ցզինփինի կողմէ։