ՍՈՒՐԲ ՍԻՆՈԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Ուղղափառ աշխարհին ուշադրութիւնը այս օրերուն կեդրոնացած է Իսթանպուլի վրայ։ Ուղղափառ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ենթակայ աթոռներուն ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները Իսթանպուլի մէջ ներկայիս կը գումարեն սինոդի ժողով մը։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ եւս արձագանգ կը գտնէ այս ժողովը, որ ունի խորհրդակցական բնոյթ։ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի նախագահութեամբ տեղի կ՚ունենան սինոդի ժողովները, որոնց կը մասնակցին Ֆէնէրի Պատրիարքարանի հովանաւորութեան տակ գործող 140 մետրապոլիտներ։
Թաքսիմի Այա Թրիատա եկեղեցւոյ յարկին տակ կ՚իրականացուին սինոդի ժողովները, որոնք կ՚ընթանան դռնփակ։ Մինչեւ Սեպտեմբերի 2-ը պիտի շարունակուին սինոդի աշխատանքները։ Այս շրջագծով աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած բարձրաստիճան հոգեւորականները տեղեակ կը պահուին Պատրիարքարանի գլխաւորութեամբ զարգացուած նիւթերուն շուրջ ու կը կատարուին կարծիքի փոխանակումներ։
Մինչ այդ, այսօր, Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի հանդիսապետութեամբ, Ս. Գէորգ պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ սինոդի ժողովներուն մասնակից մետրապոլիտները ներկայ կը գտնունին Ս. Պատարագին։