Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ ԿԱՊՈՒԵՑԱՒ ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆՈՒՄԱՆ ՔՈՒՐԹՈՒԼՄՈՒՇԻՆ
Նոյեմբերի 1-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ ստեղծուած ժամանակաւոր կառավարութեան կազմին մէջ յայտնի դարձան փոխ-վարչապետներու լիազօրութիւններու բնագաւառները։ Այսպէս, Անգարայէ հասած լուրերուն համաձայն, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը մաս պիտի կազմէ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշի վերահսկողութեան յանձնուած կառոյցներու շարքին։
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջաններուն երկար տարիներ այս բնագաւառը գտնուած էր նախկին փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչի տնօրինման սահմաններուն մէջ եւ այդ շրջանին ընդհանուր գնահատականը դրական կը համարուի փոքրամասնական վաքըֆներուն տեսակէտէ։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015