ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ Կ՚ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գործընթացէն ներս ներկայիս քննարկումները կը խտանան։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ, Սեպտեմբերի 8-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ լրագրողներուն յայտնեց, թէ միջնորդները պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի արդի հարցերը։ Ըստ իրեն, անոնք յատուկ ուշադրութիւն պիտի ցուցաբերեն պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին նկատմամբ։ Ռուս բանբերը այս շրջագծով յատկապէս մատնանշեց 16 Մայիսին Վիեննայի եւ 20 Յունիսին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Զախարովայի խօսքերով, միջնորդները ծրագրային խորհրդատուութիւններ պիտի ունենան։ Նման հանդիպումներ պարբերաբար տեղի կ՚ունենան Ուաշինկթընի, Փարիզի եւ Մոսկուայի մէջ։ Եռանախագահներու յառաջիկայ հանդիպման գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ եռանախագահ երեք երկիրներու ջանքերուն համակարգումը։
Մինչ այդ, Փոթըստամի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն ժողովը։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիր՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր երէկ տեղեկացուց, որ այսօրուան անպաշտօն ժողովի օրակարգի հիմնական հարցերու շարքին կը գտնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը։ «Ճգնաժամերով ընդգրկուած ներկայ աշխարհին մէջ ԵԱՀԿ-ի դերը, հաւանաբար, աւելի քան երբեք կարեւոր է՝ մասնաւորապէս, Ուրքայնոյ արեւելքի, Մերձտնեսդրի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Եւրոպայի այլ հակամարտութիւններուն առումով», ըսաւ գերմանացի նախարարը։
Փոթըստամի այսօրուան ժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որ երէկ ղարաբաղեան հարցին շուրջ ունեցաւ կարեւոր շփումներ։ Այսպէս, Փարիզի մէջ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Եւրոպայի գործերու գծով պետական քարտուղար Արլէմ Տեզիրի հետ։ Օրուան տեւողութեան Նալպանտեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այս երկու զրոյցներուն ընթացքին ալ շօշափուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն արձագանգ գտած է նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի կողմէ վերջերս Թիֆլիզ տրուած այցելութեան ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնը։ Ռուս նախարարը պնդած էր, թէ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն վերջ Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնները կը թուին ըլլալ ճիշդ ուղիի մը վրայ։ Վերլուծաբանները այս կապակցութեամբ կը մատնանշեն, որ Պաքու պաշտօնապէս կ՚ակնարկէ, թէ պատրաստ է ռուսական ծրագրով ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման։ Ատրպէյճան կը փորձէ այս ձեւով դրդել Ռուսաստանը՝ Հայաստանի վրայ ճնշումները ուժեղացնելու ուղղութեամբ։ Մեկնաբաններու համոզմամբ՝ Պաքու բաւական նուրբ թակարդ մը կը լարէ ներկայիս։ Ատրպէյճան կը փորձէ ապահովել, որ Մոսկուա ճնշումները սաստկացնէ Երեւանի վրայ։ Իրականութեան մէջ, Ատրպէյճան ոչ թէ կողմնակից է ռուսական ծրագրին, այլ այդպիսի տպաւորութիւն մը կը ստեղծէ՝ լարուածութիւն յառաջացնելու համար Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ։ Ընդհանրապէս, հայկական կողմի դէտերը համոզուած են, թէ Պաքուի որդեգրած դիրքորոշման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ դժուար թէ բեկում մը ըլլայ բանակցային տարբերակով։