ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԴՐԱԿԱՆ ԴԵՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ շատ շինիչ ու արդիւնաւէտ դեր մը խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց զուգահեռ հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Այսօր կ՚աւարտի Ֆիտանի երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւնը, որմէ առաջ պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, թէ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Հարաւային Կովկասէ ներս Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։
Ի շարունակութիւն, նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ այս նիւթին։
«Մենք հետաքրքրուած ենք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու պայմանաւորուածութիւններու իրագործմամբ», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով եւ մատնանշեց այն քայլերը, որոնք կ՚առնուին թէ՛ փոխադրական հաղորդակցութեան եւ թէ յետպատերազմեան վերականգնման ուղղութեամբ։ «Մենք համոզուած ենք, թէ Թուրքիան կրնայ շատ շինիչ եւ արդիւնաւէտ դեր խաղալ այս ջանքերուն մէջ», ըսաւ ան։