ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի հիմ­նադ­րու­թեան 25-ա­մեա­կը նա­խըն­թաց օր հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Քա­նի մը հանգ­րուան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ ծրա­գիր մը գոր­ծադ­րուե­ցաւ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։ Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան ազ­գա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան նոյն շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ ո­ղիմ­պիա­կան շարժ­ման մի­ջազ­գա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէէն դէմ­քեր։

Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ եւ ներ­կա­նե­րուն իր ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան։ Ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցաւ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան, որ պար­գեւ­ներ յանձ­նեց շարք մը ե­րախ­տա­շատ գոր­ծիչ­նե­րու։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րուե­ցաւ նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր մը։

Միւս կող­մէ, «Հայ­փոստ» ըն­կե­րու­թիւնն ալ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ թո­ղար­կեց դրոշ­մա­թուղթ մը, որ կնքուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ այս նա­մա­կա­նի­շին վրայ նկա­րուած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի վար­չա­կան նո­րա­կա­ռոյց շէն­քը, ո­րու բա­ցումն ալ կա­տա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ եւ ո­րով բնո­րո­շուե­ցաւ 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս բաց­ման հանգ­րուա­նին եւս ներ­կայ գտնուե­ցաւ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015