ՄԱՀ՝ ԺԱՆ ՏԷՐ-ՄԵՐԿԵՐԵԱՆԻ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աղբիւրները երէկ խոր ցաւով արձագանգ հանդիսացան, թէ 80 տարեկան հասակին Մարսէյլի մէջ մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ յայտնի ջութակահար ու մանկավարժ Ժան Տէր-Մերկերեան։ Երէց սերունդէ այս արուեստագէտը Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին եւ պատուոյ շքանշանին արժանացած էր։ Տակաւին քանի մը ամիս առաջ պարգեւատրուած էր Հայաստանի Պատուոյ շքանշանով։
Ժան Տէր-Մերկերեան տասնմէկ տարեկանին աւարտած էր Մարսէյլի երաժշտանոցը ու տարի մը վերջ այնտեղ հանդէս եկած էր իր առաջին մենահամերգով։ 1948 թուականին ընտանիքին հետ ներգաղթած էր Հայաստան։ 1956-ին Փրակի եւ 1961-ին ալ Փարիզի մէջ եղած էր մրցանակներու դափնեկիր։ 1981-ին վերադարձած էր Մարսէյլ եւ սկսած՝ դասաւանդել տեղւոյն երաժշտանոցին մէջ։ 1988 թուականի Կիւմրիի աւերիչ երկրաշարժէն եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն վերջ դարձեալ համերգներով հանդէս եկած էր Հայաստանի մէջ։