ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի շփումները աւարտելով անցալ Ուաշինկթըն՝ իր ընկերակից պատուիրակութեան անդամներուն հետ։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսէն ներս ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ ի պատիւ Սերժ Սարգսեանին՝ «Ռաուլ Վալեմպերկ» միջազգային հիմնարկին կողմէ։ Բացի հիւրընկալ հիմնադրամի ներկայացուցիչներէն, այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան շուրջ երկու տասնեակ գոնկրէսականներ, որոնց շարքին կը գտնուէր ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս։ Ամերիկահայ համայնքէն ազդեցիկ գործիչներ եւս հրաւիրուած էին հաւաքոյթին։ Գոնկրէսի երդիքին տակ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու աւարտին նախաձեռնարկ հիմնարկի անդամները «Ռաուլ Վալեմպերկ» մետայլը յանձնեցին Ռապըրթ Մորկընթաուին, որ թոռն է Հենրի Մորկընթաուի։ Գոնկրէսականները եւ հանդիպան մասնակիցները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ։ Անոնք ընդգծեցին, թէ որպէս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի բարեկամներ՝ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակեն մնալ Հայաստանի կողքին՝ օժանդակելով անոր համար կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման գործին եւ նպաստելով անոր զարգացման, հզօրացման ու բարեկեցութեան։
Իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան նշեց, թէ Հենրի Մորկընթաույի անունը իւրաքանչիւր հայու համար անջնջելի է՝ որպէս նուիրեալ մը, որ գերադասեց ճշմարտութիւնը լռութենէն եւ նախընտրեց դժբախտութեան մէջ յայտնուածներուն օգնելու անշահախնդիր, երբեմն ալ վտանգաւոր ճանապարհը։ «Մորկընթաուն էր Ամերիկեան մերձաւոր-արեւելեան նպաստամատոյց կազմակերպութեան ստեղծման գաղափարախօսն ու ջատագովը։ Այս կազմակերպութեան հարիւրաւոր աշխատակիցներ զանազան երկիրներու մէջ, ներառեալ Հայաստանը, լծուեցան որբախնամ գործին՝ վերահաս մահէ փրկելու համար տասնեակ հազարաւոր հայ որբերը։ Դիւանագիտական առաքելութեան աւարտելէն վերջ եւս ան շարունակեց իր մարդասիրական գործունէութիւնը՝ օգնութիւն ցուցաբերելով հայրենիքէն արտաքսուած եւ զանգուածային կոտորածներէ փրկուած հայ, ասորի եւ յոյն գաղթականներուն։ Սա ամերիկեան մարդասիրութեան խօսուն դրուագներէն մին է», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Բաց աստի, Ուաշինկթընի մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկահայ համայնքի եւ անոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Զրոյցի ընթացքին ան ներկայացուց ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին հիմնական շեշտադրումները, Ատրպէյճանի կողմէ յատկապէս վերջին օրերուն հրադադարի խախտման հետեւանքով յառաջացած լարուած իրավիճակը, նաեւ պատասխանեց հանդիպման մասնակիցներու հարցումներուն։ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն դերակատարութիւնը՝ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ։ Քննարկուեցան այդ կազմակերպութիւններուն ընթացիկ գործունէութեան եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին։ Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ սուրիահայութեան աջակցութեան խնդիրներու լուծումը պետական հոգածութեան ներքեւ պահած ըլլալուն, Հայաստանի մէջ անոնց տրուած ապաստանի եւ Սուրիոյ մէջ անոնց ցուցաբերուած կարելի աջակցութեան համար։
Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ալ Սերժ Սարգսեան դարձեալ մէկտեղուեցաւ ամերիկահայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ ներկայացուցիչներուն հետ՝ այս անգամ աւելի տարբեր ձեւաչափով մը։