ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ ՉԵՆ ՆԱԽԸՆՏՐԵՐ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ ԵՐԹԱԼ ԵՒՐՈՊԱ

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով վտան­գա­ւոր ու­ղի­նե­րով ա­ւե­լի բա­րե­կե­ցիկ եր­կիր­նե­րու ճամ­բան բռնող սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րուն մէջ հա­յեր չկան, իսկ ե­թէ ըլ­լան ալ՝ կա­րե­լի է մատ­նե­րու վրայ հա­շո­ւել: Հայ հա­մայն­քը մին­չեւ այ­սօր կրցած է բար­ւոք ճա­նա­պարհ­նե­րով հաս­նիլ Լի­բա­նան, Հա­յաս­տան կամ այլ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ: Այս մա­սին «Ար­մէնփրէս»­ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նշած է Դա­մաս­կո­սի Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Տ. Ար­մաշ Եպսկ. Նալ­պան­տեան:

Կը ներ­կա­յաց­նենք Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­լու հա­մար Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Տէր Ար­մա­շի հետ հար­ցազ­րոյ­ցը:

-Ա­րմաշ Սրբա­զան, ինչ­պի­սի՞ն է այս պա­հուն պա­տե­րազ­մա­կան Սու­րիոյ մէջ բնա­կող հա­յե­րուն վի­ճա­կը թէ՛ հո­գե­բա­նա­կան, թէ՛ ըն­կե­րատնտե­սա­կան տե­սան­կիւն­նե­րէ:

-Դժբախ­տա­բար, գաղ­թա­կան­նե­րու, փախս­տա­կան­նե­րու նոր ա­լիք մը բարձ­րա­ցած է, ու բո­լո­րը կը թա­կեն Եւ­րո­պա­յի ու ա­ւե­լի բարձր կեն­սա­մա­կար­դակ ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու դռնե­րը՝ այն­տեղ ի­րենց կեան­քի նոր բախ­տը փոր­ձե­լու: Մե­զի հա­մար այս ա­մէ­նուն մէջ մտա­հո­գու­թիւ­նը այն է, որ մար­դիկ այն­քան յու­սա­խա­բո­ւած ու յու­սալ­քո­ւած են, որ պատ­րաս­տա­կամ են նոյ­նիսկ ծո­վե­րու մէջ լո­ղա­լով կամ ան­տառ­ներ ու լեռ­նա­յին սահ-ման­ներ հա­տե­լով, ի­րենց կեան­քի գնով հաս­նե­լու ա­ւե­տեաց ա­փեր:

Բո­լոր այս փախս­տա­կան­նե­րը այն յու­սա­խաբ վի­ճա­կի մէջ են, որ յստակ է ի­րենց հա­մար՝ ետ­դար­ձի ճա­նա­պարհ չու­նին: Այս յու­սա­խա­բու­թիւ­նը ամ­բողջ Սու­րիոյ մէջ կայ, այս պայ­ման­նե­րու մէջ կ՚ապ­րի հայ հա­մայն­քը ըլ­լայ՝ Հա­լէ­պի, Դա­մաս­կո­սի, Գա­միշ­լիի, թէ Քե­սա­պի մէջ: Պէտք է յի­շել, որ ա­նոնք, ո­րոնք կ՚ապրին Սու­րիոյ մէջ, քա­ջու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան կեան­քը: Ու­րա­խու­թեամբ կրնամ յայ­տա­րա­րել, որ Սեպ­տեմ­բե­րին կրկին բա­ցո­ւե­ցան հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը, դա­սըն­թացք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան կա­նո­նա­ւոր կեր­պով, բայց, դժբախ­տա­բար, հայ ա­շա­կեր­տու­թեան ա­ւե­լի հա­մեստ թի­ւե­րով: Եր­թա­լով կը նո­ւա­զի հայ բնակ­չու­թեան թի­ւը, քա­նի որ ա­նոնք ալ կը փոր­ձեն ի­րենց կեան­քի նոր ու­ղին գտնել Սու­րիա­յէն դուրս, ա­մե­նա­մօ­տը Լի­բա­նան, ա­պա Հա­յաս­տան, նաեւ ա­րեւմ­տեան այլ եր­կիր­ներ:

-Ար­դեօք վտան­գա­ւոր ու­ղի­նե­րով եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ գա­ցող­նե­րուն մէջ հա­յեր կա՞ն, ու­նի՞ք այդ­պի­սի տե­ղե­կու­թիւն­ներ:

-Մեր տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի վկա­յու­թիւն­նե­րով՝ բա­րե­բախ­տա­բար, այդ ծո­վե­րը հա­տող կամ ան­տառ­նե­րու մէ­ջէն դժո­ւար ճամ­բա­ներ անց­նող խում­բե­րուն մէջ հա­յեր չկան, ե­թէ նոյնիսկ կան՝ մատ­նե­րու վրայ կրնանք հա­շո­ւել: Բա­րե­բախ­տա­բար, մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը մին­չեւ այ­սօր կրցած են գտնել հնա­րա­ւո­րու­թիւն, որ ա­ւե­լի բար­ւոք ճա­նա­պարհ­նե­րով հաս­նին՝ մե­քե­նա­նե­րով, օ­դա­նաւ­նե­րով:

-Յայտ­նի է, որ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ կ՚ոչն­չա­ցո­ւին, կա՞ն թո­ւա­յին տո­ւեալ­ներ, թէ ինչ­պի­սի՞ ժա­ռան­գու­թիւն կորսն­ցու­ցած ենք մինչ հի­մա:

-Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիին պատ­կա­նող մօտ երեսուներկու ե­կե­ղե­ցի ու­նե­ցած ենք Սու­րիոյ մէջ: Յստակ է, որ Տէր Զօ­րի ե­կե­ղե­ցին պայ­թե­ցո­ւած է, ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ չու­նինք, քա­նի որ այդ շրջա­նը «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» զի­նեալ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ է: Ա­նոր կող­քին Հա­լէ­պի մէջ ու­նինք այ­րո­ւած կամ ռմբա­կո­ծու­թե­նէ մա­սամբ վնա­սո­ւած ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնք չեն գոր­ծեր, քա­նի որ այդ շրջան­նե­րը շատ վտան­գա­ւոր են ու հատ­ման գի­ծին մօտ:

Ու­նինք Քե­սա­պի մէջ ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնք մէկ տա­րի ա­ռա­ջո­ւան յար­ձա­կու­մէն ետք դադ­րած էին գոր­ծե­լէ, բայց ար­դէն սկսած են, ո­րոշ կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ կը կա­տա­րո­ւին ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ:

Հոմ­սի մէջ մեր ե­կե­ղե­ցին դեռ վնա­սո­ւած վի­ճա­կի մէջ է, այն­տեղ ա­րա­րո­ղու­թիւն եւս չի կա­տա­րո­ւիր, մենք կը սպա­սենք՝ օ­րե­րը լա­ւա­նան, որպէսզի այն­տեղ ալ նո­րո­գու­թիւն կա­տա­րենք: Հոմ­սի մէջ մար­դիկ ա­ւե­լի մի­տո­ւած են ի­րենց բնա­կա­րարն­նե­րը փրկե­լու, իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­նը վտան­գա­ւոր սա­հա­մա­գօ­տիի մէջ է:

Կան ե­կե­ղե­ցի­ներ, մշա­կու­թա­յին տու­ներ, ա­կում­բեր, ինչ­պէս Հա­լէ­պի, այն­պէս ալ Դա­մաս­կո­սի մէջ, ո­րոնք պայ­թիւն­նե­րու թի­րախ դար­ձած են կամ ալ մօ­տա­կայ պայ­թիւ­նի պատ­ճա­ռով վնա­սո­ւած են եւ դադ­րած են մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նները: Հա­լէ­պի մէջ ո­րոշ դպրոց­ներ ստի­պո­ւած ե­ղան փա­կո­ւե­լու վտան­գի պատ­ճա­ռով, ո­րոշ դպրոց­ներ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան այլ մշա­կու­թա­յին վայ­րե­րու սրահ­ներ, իսկ մէկ դպրոց ալ կը կա­տա­րէ տար­բեր հեր­թե­րով դա­սըն­թացք­ներ, որ­պէս­զի վնա­սո­ւած դպրոց­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը նաեւ ի­րենց դա­սըն­թացք­նե­րը ու­նե­նան մէկ դպրո­ցի մէջ: ­

-Ձե­զի հա­մար հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րը տե­սա­նե­լի՞ են, Ար­մաշ Սրբա­զան: ­

-Շատ դժո­ւար է պա­տաս­խա­նել այս հար­ցու­մին: Կրնամ ը­սել հե­տե­ւեա­լը, ե­թէ մի­ջազ­գա­յին լու­րե­րուն հե­տե­ւինք՝ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րի շուրջ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, Ռու­սաստանի, ԱՄՆ-­ի, Չի­նաս­տա­նի ու Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րու երկ­խօ­սու­թեան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան նոր ու­ղին կը յու­սադ­րեն մե­զ, մա­նա­ւանդ որ այս օ­րե­րուն ՄԱԿ-ի մէջ ժո­ղով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ: Այն­տեղ ալ օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ Սու­րիոյ խնդի­րը ու սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցը:

Սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րը ի­րենց գաղ­թով եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րուն ստի­պե­ցին, որ այդ երկիր­նե­րը վե­րա­նա­յին ի­րենց կե­ցո­ւած­քը Սու­րիոյ նկատ­մամբ: Եւ ա­մէն կող­մէ սկսած են հնչել խա­ղա­ղու­թեան ուղ­ղո­ւած քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու նոր ա­ռա­ջարկ­ներ: Յոյսով ենք, որ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քը միաս­նա­կան կը յայ­տա­րա­րէ եւ հա­մա­ձայ­նու­թեան կու գայ, կը հասկ­նայ ու կ՚ըն­դու­նի, որ Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցո­ղը ա­հա­բեկ­չու­թիւն է: Միաս­նա­կան ու­ժե­րով կը կա­րե­նանք պայ­քա­րիլ «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» դէմ: Յու­սանք, որ պա­տե­րազ­մը դադ­րի ու բացմոն նոր էջ մը, որ կո­չո­ւի վե­րա­կան­գու­մի էջ, ա­մէն մէկ ըն­տա­նիք, հա­մայնք իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով վե­րագտ­նէ իր ու­ժը՝ վե­րա­կա­ռու­ցե­լու, վե­րա­նո­գո­րե­լու իր կա­ռոյց­նե­րը եւ սկսե­լու իր բնա­կա­նոն կեան­քին:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015