ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ Նիւ Եոր­քի մէջ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 70-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման հանգ­րուա­նին։ Տա­վու­տօղ­լու, որ Նիւ Եոր­քի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նին հետ ալ տե­սակ­ցե­ցաւ, ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին առ­ջեւ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին։ Ըստ վար­չա­պե­տին, առ­կայ ող­բեր­գու­թեան վերջ գտնե­լուն հա­մար Սու­րիոյ մէջ ժո­ղո­վուր­դը կա­րիքն ու­նի օ­րի­նա­կան պե­տու­թեան մը, կա­ռա­վա­րու­թեան մը։ Ժո­ղո­վուր­դի կամ­քով, ա­նոր հա­ւա­նու­թեամբ ընտ­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան մը կա­րի­քը գո­յու­թիւն ու­նի։ Իսկ մինչ այդ մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը այդ մար­դոց հա­մար պէտք է ա­պա­հո­վէ անվ­տանգ շրջան մը, ո­րուն նկատ­մամբ կրնան տա­ծել վստա­հու­թիւն։ Տա­վու­տօղ­լու ընդ-գը­ծեց, որ ՄԱԿ ան­ցեա­լի մէջ յա­ջո­ղած է շատ ա­ւե­լի լուրջ պա­տե­րազմ­ներ կան­խե­լու, սա­կայն Պոս­նա­յի եւ Ռուան­տա­յի մէջ, վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րուն ալ Սու­րիոյ դէպ­քե­րուն գծով ձա­խո­ղած է՝ մար­դոց են­թար­կուած դժուա­րու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց նաեւ, թէ այս հար­ցին շուրջ Թուր­քիա ա­ւե­լիով կը կա­տա­րէ ի­րեն վի­ճա­կած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի քան 2 մի­լիոն սու­րիա­ցի եւ 200 հա­զար ի­րաք­ցի պաշտ­պան գտած են Թուր­քիոյ մէջ եւ այս պա­հու դրու­թեամբ աշ­խար­հի վրայ ա­ռա­ւե­լա­գոյն քա­նա­կու­թեամբ գաղ­թա­կան­ներ հիւ­րըն­կա­լող եր­կի­րը ե­ղած է Թուր­քիան։

Տա­վու­տօղ­լու կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց, թէ ա­ռանց Է­սա­տի Սու­րիոյ մը կա­րի­քը զգա­լի է։

Նիւ Եոր­քի մէջ Տա­վու­տօղ­լու անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի ի­րադ­րու­թեան։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա կը ձգտի, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչ­ցուած սահ­ման­նե­րուն նկատ­մամբ յար­գան­քի շրջագ­ծով լու­ծուին խնդիր­նե­րը։ Թրքա­կան կող­մը կ՚ընդգ­ծէ նաեւ Վրաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, գե­րիշ­խա­նու­թիւնն ու միու­թիւ­նը։ Տա­վու­տօղ­լու ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին ա­ռա­ջեւ կանգ ա­ռաւ նաեւ Պա­ղես­տի­նի հար­ցին վրայ եւ յոյս յայտ­նեց, թէ օր մը պի­տի ստեղ­ծուի ան­կախ Պա­ղես­տի­նը՝ ա­րե­ւե­լեան Ե­րու­սա­ղէ­մը ու­նե­նա­լով մայ­րա­քա­ղա­ք։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015