ԲԱՐԴ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի յայտարարեց, որ տակաւին պայմաններ չեն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ելոյթ ունենալով Ասփենի կաճառի եւ «Աթլանթիք» պարբերականի կողմէ Ուաշինկթընի մէջ կազմակեպուած համաժողովին ընթացքին՝ Ճոն Քերի յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի սառեցեալ հակամարտութեան կարգաւորման համար առայժմ յստակ ճանապարհ մը չի տեսներ։
Ուաշինկթընի դիւանագիտական առաջնահերթութիւններուն ձօնուած իր ելոյթին մէջ Ճոն Քերի ընդգծեց, որ ԱՄՆ երբեք այսքան ներգրաւուած չէ եղած միջազգային քաղաքականութեան մէջ, որքան այսօր։ Ըստ պետական քարտուղարին, արտաքին յարաբերութիւններու մէջ ԱՄՆ կը պաշտպանէ թէ՛ իր շահերը եւ թէ արժէքները։ Այս մասին ան մասնաւորապէս խօսեցաւ՝ ներկայացնելով իր երկրի դերակատարութիւնը Սուրիոյ պարագային։ «Մենք շահագըր-գըռւած ենք տարածքաշրջանի կայունութեամբ, որովհետեւ մենք պէտք է պայքարինք ծայրայեղականութեան դէմ, որովհետեւ մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որպէսզի այդ երկիրը փլուզուի ու բաժնուի կտորներու՝ բացասաբար ազդելով հարեւան երկիրներուն վրայ, այդ շարքին՝ մեր դաշնակից Իսրայէլի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի», պարզաբանեց Ճոն Քերի։
Իր ելոյթին ընթացքին Քերի անդրադարձաւ նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագրին։ Ըստ իրեն, Իրան առած է հաշուենկատ որոշում մը՝ համաձայնելով հրաժարիլ միջուկային զէնք ստեղծելու գաղափարէն՝ պատժամիջոցներու դադրեցման դիմաց։ «Կը կարծեմ՝ սա ճիշդ որոշում էր, կարեւոր որոշում։ Կարեւոր էր, որ մենք այնտեղ տեսանք լուծման ճանապարհ եւ ընթացանք այդ ճանապարհով», ըսաւ Քերի։ Իրանական բանակցութիւններուն հակադրելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը՝ Ճոն Քերի նշեց, որ այնտեղ տակաւին չեն ուրուագծուած յստակ լուծումներ։ Ան ըսաւ.
«Այսօր աշխարհի վրայ կան սառեցեալ հակամարտութիւններ. օրինակ՝ Լեռնային Ղարաբաղը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Այս պարագային ներկայ պահուն յստակ լուծում մը չէ ուրուագծուած, որովհետեւ առաջնորդները պատրաստ չեն, որովհետեւ կողմերուն միջեւ առկայ է լարուածութիւն։ Անոնք բարդ հակամարտութիւններ են, բայց հնարաւոր է գտնել լուծման ճանապարհ, եթէ մարդիկ որոշ չափով համալիր լուծումներ ընդունին։ Ես կը կարծեմ, որ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը նոյնպէս այդ ծիրին մէջ կը մտնէ։ Մարդիկ պէտք է պատրաստ ըլլան ընդունիլ որոշ լուծումներ»։
ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, ինչպէս ծանօթ է, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտնեց, թէ միջնորդները արդէն իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ մտադրութիւն յայտնած էին այս մասին։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով նշեց, որ եռանախագահներու բանակցութիւններու եւ հանդիպումներու արդիւնքին պիտի որոշուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպման մը վայրն ու ժամկէտը։
Ըստ զանազան հաղորդումներու, յառաջիկայ ուղեւորութեան շրջագծով հաւանական է, որ միջնորդները այցելեն նաեւ Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ տեսակցին Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ։ Յամենայնդէպս, այս նիւթին վերաբերեալ հաղորդումները տակաւին վերջնականօրէն չեն յստակացած։