ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Հա­լէ­պի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ սար­սա­փե­լի օր մը։ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ սա կ՚ե­րե­ւի ա­մե­նա­ծանր ու ող­բեր­գա­կան օ­րե­րէն մին էր քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Միայն վեր­ջին օ­րե­րուն մա­հա­ցած­նե­րուն թի­ւը ար­դէն հա­զա­րի մա­կար­դա­կը գե­րա­զան­ցած էր։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ քա­ղա­քը դար­ձեալ սաս­տիկ ռմբա­կո­ծում­նե­րու են­թար­կուե­ցաւ։ Հա­յաբ­նակ Նոր Գիւղ եւ Վիլ­լա­նէր թա­ղա­մա­սե­րը թի­րախ դար­ձան հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րու։ Դժբախ­տա­բար տմար­դի այդ դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով հինգ հա­լէ­պա­հա­յեր զո­հուե­ցան։ Վիլ­լա­նէր թա­ղա­մա­սին վրայ կա­տա­րուած յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով հրթիռ մը զու­գա­դի­պե­ցաւ Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տա­կայ­քին գտնուող բնա­կա­րան­նե­րէն մէ­կուն։ Շա­նո­յեան ըն­տա­նի­քի նպա­րա­վա­ճա­ռի խա­նու­թի մօ­տա­կայ­քին ալ զու­գա­դի­պե­ցաւ հրթիռ մը։ Այդ կէ­տին վրայ է որ ա­ռա­ւել չա­փով զո­հուե­ցան եւ վի­րա­ւո­րուե­ցան հա­յեր։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թի խմբագ­րու­թե­նէն տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ զո­հե­րու ա­նուն­ներն են՝ Ար­ման Հին­տո­յեան, Մի­րէյ Հին­տո­յեան, Ծի­լա Ճա­պաղ­ջու­րեան, Յաս­միկ Կի­րա­կո­սեան-Պե­րե­ճիք­լեան եւ Փիէռ Հա­րի­րօ։

Ըստ նոյն տուեալ­նե­րուն, տասն­մէկ հա­յեր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցան ե­րէ­կուան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Ա­նոնց շար­քին են՝ Գառ­նիկ Կա­րա­պե­տեան, Ծո­վիկ Կա­պի­կեան, Պե­թի Լա­խո­յեան-Հին­տո­յեան, Մով­սէս Հին­տո­յեան, Նա­զար Զար­մա­նեան, Մա­րի Կա­րա­պե­տեան, Ա­րա Ա­րա­մեան, Ար­շակ Պե­րե­ճիք­լեան, Յա­րութ Ա­ւա­գեան, Եա­գուպ եւ Ճորճ Հա­րի­րո­ներ։

Մինչ հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը խոր մտա­հո­գու­թեամբ ու ցա­ւով հե­տե­ւե­ցաւ այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց վեր­ջին օ­րե­րուն Սու­րիոյ մէջ ռազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կի սրման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ո­րու մէջ նշուած է հե­տե­ւեա­լը. «Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի, այդ շար­քին նաեւ հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րու խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ զէն­քի խիստ դա­տա­պար­տե­լի կի­րա­ռու­մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով կան մարդ­կա­յին մե­ծա­թիւ կո­րուստ­ներ։ Մեր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք զո­հե­րուն եւ տու­ժած­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ հա­րա­զատ­նե­րուն։ Յոյս կը յայտ­նենք, որ Սու­րիոյ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ներգ­րա­ւուած բո­լոր կող­մե­րը ա­ռա­ւել վճռա­կան պի­տի ըլ­լան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ միաս­նա­կան պայ­քա­րի մէջ եւ հաս­տա­տուն՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ»։ Բաց աս­տի, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ՝ մօ­տա­կայ օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նէն եր­կու օ­դա­նա­ւով մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն պի­տի ա­ռա­քուի Սու­րիա՝ հա­կա­մար­տու­թե­նէն տու­ժած բնա­կիչ­նե­րուն ա­ջակ­ցե­լու հա­մար։

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԵՒՍ ՀԱՅ ՄԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ մայ­րա­քա­ղաք Դա­մաս­կո­սի կեդ­րո­նէն ներս ալ տե­ղի ու­նե­ցան դէպ­քեր։ Դա­մաս­կո­սի Պապ Թու­մա շրջա­նին վրայ ին­կան հրթիռ­ներ։ Ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րու թի­րա­խը դար­ձաւ նաեւ Դա­մաս­կո­սի Ալ Քաս­սահ թա­ղա­մա­սը։ Սու­րիոյ տաս­նեակ քա­ղա­քա­ցի­ներ վի­րա­ւորուե­ցան այս դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Վի­րա­ւո­րեալ­նե­րու շար­քին է նաեւ հայ մը՝ Ա­ւե­տիս Պար­սու­մեան։ Դա­մաս­կո­սա­հայ Պար­սու­մեան վի­րա­ւո­րուե­լէ վերջ փո­խադ­րուած է հի­ւան­դա­նոց եւ են­թար­կուած գոր­ծո­ղու­թեան։ Բժիշկ­նե­րը իր վի­ճա­կը կը հա­մա­րեն կա­յուն։

Դա­մաս­կո­սի մեր­ձա­կայ շրջան­նե­րուն եւ ա­րուար­ձան­նե­րուն մէջ եւս պա­տա­հե­ցան ծանր բա­խում­ներ։ Հրթիռ­նե­րու պայ­թիւ­նին ձայ­նե­րը լսուե­ցան ամ­բողջ մայ­րա­քա­ղա­քէն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016