ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Տ.Տ. Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը գտնուի Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ։ Ծա­նօթ է, որ ան ամ­րան սկիզ­բին այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան եւ տա­կա­ւին այդ շրջա­նին յայ­տա­րա­րուած էր նաեւ իր ներ­կայ ու­ղե­ւո­րու­թեան մա­սին՝ դէ­պի Վրաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան։

Հռո­մի Պա­պը վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թիֆ­լի­զի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Իսկ վա­ղը Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը պի­տի այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճան։ Պա­քուի մէջ ան պի­տի տե­սակ­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Նա­խա­տե­սուած է նաեւ իր տե­սակ­ցու­թիւ­նը Կով­կա­սի մահ­մե­տա­կան­նե­րու վար­չու­թեան ղե­կա­վար եւ Ատրպէյ­ճա­նի Շէյ­խիւ­լիս­լամ Ալ­լահ­շիւ­քիւր Փա­շա­զա­տէի եւ երկ­րի այլ կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Սրբա­զան Պա­պի ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Վա­տի­կա­նի աղ­բիւր­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը պէտք է լու­ծուի խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հով։ Ըստ նոյն աղ­բիւր­նե­րուն, հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծու­մը կը վի­ճա­կի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն եւ սա Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծը չէ։ Հռո­մի Պա­պը հա­ւա­տա­րիմ է աշ­խար­հի մէջ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու լուծ­ման խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րուն։ Սրբա­զան Պա­պը հա­մո­զուած է, որ պա­տե­րազ­մը կրնայ բռնու­թեան նոր ա­լի­քի մը ծնունդ տալ։ Հե­տե­ւա­բար, ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ լուծ­ման հա­մար ան­հրա­ժեշտ է փնտռել դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջոց­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016