ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ

ՄԱԿ-ի Քաղաքականութիւններու դաշինքի Բարեկամներու խումբը շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ նախարարներու մակարդակով ժողով մը գումարեց։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն զուգահեռ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած այս հաւաքին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարար Մնացականեան հաւաքի ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան հաստատակամօրէն յանձնառու է խաղաղութեան մշակոյթը յառաջ մղելու։ «Հայաստան հաստատակամօրէն յանձնառու է խաղաղութեան մշակոյթը յառաջ մղելու հակամարտութիւններով լի մեր տարածքաշրջանէն ներս։ Կամուրջներ կառուցելը հեշտ է, երբ կայ երկկողմանի կամք։ Մեծագոյն մարտահրաւէր է կամուրջներ կառուցելը այնտեղ, ուր առկայ է վստահութեան եւ փոխադարձութեան պակաս։ Խաղաղութեան նկատմամբ իրական հաւատարմութեան մասին կրնայ վկայել կամուրջներ կառուցելու յանձնառութիւնը՝ յանուն հակամարտութիւններու պատճառով բաժնուած ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան վերականգնման՝ այդ ձեւով նպաստելով անոնց կարգաւորման», ըսաւ նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018