ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՐԱԳԷՏԸ

Արամ Պօղոսեան կը տեղեկացնէ Լոս Անճելըսէն.-

Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ գրական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին։ Յոբելենական այս ձեռնարկը խորագրուած էր «Մարդն ու գրագէտը»։ Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ Բարսեղ Գարթալեանի հանդիսավարութեամբ։ Գարթալեանի բացման խօսքէն վերջ Արշօ Մելիքեան նմոյշ մը ներկայացուց Սարոյեանի գրականութենէն։ Յանուն Հայաստանի Գրողներու միութեան արտայայտուեցաւ Խաչիկ Խաչերեան։ Սօսի եւ Սալբի Գէորգեանները հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով՝ «Երկնային տաղեր» անուանումին տակ։

Երեկոյթի գլխաւոր բանախօսն էր ամերիկահայ յայտնի լրագրող-հրապարակագիր Փրոֆ. Օշին Քեշիշեան, որ արտայայտուեցաւ հաղորդական ոճով՝ արժեւորելով Ուիլիըմ Սարոյեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Օշին Քեշիշեան փոխանցեց Սարոյեանի վերաբերեալ յիշատակները եւ այդ ամբողջին մէջ մանրամասնութիւններ մատուցեց մեծանուն գրողի անհատականութեան շուրջ։ Քեշիշեան բացատրեց, որ Ուիլիըմ Սարոյեան ինչպիսի փիլիսոփայութիւնով մը կ՚առաջնորդուէր ու որքան բարեսէր անձնաւորութիւն մըն էր։ Աւելի վերջ Օշին Քեշիշեան անդրադարձաւ Ուիլիըմ Սարոյեանի գիրքերուն եւ իր ստեղծագործական թեքնիկին։ Բանախօսը բացատրեց նաեւ, որ Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւնները ինչպիսի ազդեցութիւն մը թողած էին ամերիկահայ գրականութեան վրայ։

Ամերիկահայ գրասէրներու տեսակէտէ հետաքրքրական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ հաղորդ դառնալու Ուիլիըմ Սարոյեանի թողած աւանդին։

Երեկոյթի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան յայտագրի մասնակից արուեստագէտներուն եւ մտաւորականներուն հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018