ՎԱՐՇԱՒԻՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր Լեհաստանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկեան կողմը գրաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։ Վարշաւիոյ մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Ճոզըֆ Տանֆորտ նախ շնորհաւորեց Եաշար Կիւլէրը՝ Թուրք զինեալ ուժերու գլուխը անցնելու կապակցութեամբ։ Զրոյցի տեւողութեան երկու զօրավարները կանգ առին երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարներուն վրայ։

Կիւլէր եւ Տանֆորտ խօսեցան նաեւ Մենպիչի կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018